50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (23 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2011)
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
(ՍԵՓ. ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»)
Ներկայացում.- Ազգային «Յառաջ» վարժարանի Շրջանային միութիւնը իր կազմութենէն ի վեր, ամէն տարի, առանց բացառութեան, թատերական ընտիր ձեռնարկ մը կ՛ընէ` ընդառաջելով ժողովուրդի բուռն ցանկութեան:
Սակայն հարկ է յայտնել, թէ այս տարուան տրամախօսութիւնը` «Խաղամոլը», որ ներկայացուեցաւ 17 սեպտեմբեր 1961, կիրակի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային «Յառաջ» վարժարանի Տիգրանեան սրահին մէջ, գլեց անցաւ նախորդները, տրուած ըլլալով, որ շատ լաւ էր պատրաստուած, ու դերակատարներն ալ մինչեւ վերջ յաջող կերպով տարին իրենց դերերը` արժանանալով գնահատութեան: Բեմի յարդարումն ալ, տրուած պայմաններուն տակ, գոհացուցիչ էր:
Ներկայացման թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ նիւթական բաժինները գոհացուցիչ էին: Ժողովուրդը շատ գոհ եւ ուրախ տրամադրութեան տակ բաժնուեցաւ սրահէն:
Եկեղեցւոյ շինութեան աշխատանքները.– Եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքները յառաջ կ՛ընթանան, մայր խորանի եւ զանգակատան շինութիւնը պէտք է աւարտած նկատել: Կամարներու, սիւներու, պատերու եւ յարակից գործերու աշխատանքները իրենց լրումին հասցնելու համար ո՛չ մէկ ջանք կը խնայուի: Այժմ, մայր գմբէթի աշխատանքները տենդագին յառաջ կը տարուին: Հոկտեմբերի վերջաւորութեան կառուցման աշխատանքները վերջացած կ՛ըլլան արդէն:
Ամառնային վարժարան.- «Յառաջ» վարժարանը այս տարի եւս շարունակեց ամառնային դասընթացքները: Ամառնային վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիները ամսոյս 10-ին տուին գեղեցիկ հանդէս մը: Եղան երգեր, պարեր, արտասանութիւններ, մեներգներ, պզտիկ զաւեշտ մը եւ այլն: «Տիգրանեան սրահը լեցուն էր: Ժողովուրդը, որ միշտ կը գնահատէ նմանօրինակ ձեռնարկներ, ապրեցաւ վայելքի պահեր ու մեկնեցաւ գոհունակ սրտով:
Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ
ԶՕՐԱՎԱՐ ՇԵՀԱՊԻ
ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ 3-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Զօրավար Ֆուատ Շեհապի նախագահութեան երրորդ տարեդարձն էր այսօր: Երեք տարի առաջ, բացառիկ պայմաններու ներքեւ զօրավարը կը ստանձէր վերջին իշխանութիւնը` «Յոյսի», անդորրութեան, վստահութեան եւ կայունութեան» շրջան մը բանալով, ինչպէս ըսաւ երէկ իրիկուն վարչապետ Սալամ` այս տարեդարձին առիթով ճառ մը արտասանելով Պէյրութի ձայնասփիւռի կայանէն: Խօսեցաւ նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ապտալլա Մաշնուք:
Զօր. Ֆուատ Շեհապի հովանիին ներքեւ, լիբանանցի ժողովուրդը շուտով կապեց իր վէրքերը եւ իր նախագահին հանդէպ ունեցած անսահման վստահութեան շնորհիւ` կրցաւ լծուիլ վերաշինութեան վսեմ աշխատանքին, հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:
Յառաջիկայ տարիներուն պիտի ամբողջանայ նախագահին գործը, որ կը կրէ իր անձնական դրոշմը` անաղմուկ, այլ արդիւնաւոր աշխատանքի մը առաւելութիւններով:
Այս վստահութեամբ կ՛ողջունենք նախագահութեան երրորդ տարեդարձը` գնահատելով կատարուած գործին մեծութիւնը: