ՅԱՐԳԱՆՔ` ՊԱՐՈՅՐ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Կիրակի, 18 սեպտեմբեր 2011-ին, ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղէն անդամներ այցելեցին Պարոյր Տուտագլեանի գերեզմանը` Այնճարի Ազգային գերեզմանատան մէջ, ներկայութեամբ նահատակին հարազատներուն: Անոնք կը միտէին իրենց յարգանքն ու երախտապարտութիւնը յայտնել անոր նահատակութեան յիշատակին: Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք նահատակին շիրիմին կողքին մասնաճիւղի վարչութիւնը արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ յայտնեց, թէ Պարոյր Տուտագլեանի նման նահատակներու ուղին դարձած է ներկայ ԼԵՄ-ական երիտասարդին պայքարի բռունցքը, եւ թէ ընկ. Պարոյրի օրինակով անոնք կ՛ոգեւորուին ըլլալու աւելի պահանջատէր եւ կառչած մնալու իրենց սկզբունքներուն: Ապա ԼԵՄ-ականները միասնաբար երգեցին «Պետրոս Սերեմճեանի յիշատակին» երգը եւ իւրաքանչիւրը մոմ մը վարեց նահատակ ընկերոջ յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES