ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս ցաւ յայտնեց արաբական աշխարհին դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին համար: Ան կոչ ուղղեց արաբ ժողովուրդին չհրաժարելու պաղեստինեան հարցէն` զայն պահելով արաբներուն հետապնդած գլխաւոր դատը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ մարզի միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամ միութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Եան Թոպ Քրիսթընսընը, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի եւ տնտեսական մարզերուն մէջ լիբանանեան-դանիական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը: Միւս կողմէ, Աֆրամ նկատել տուաւ, որ միութիւնը լրջօրէն եւ արդարութեան դիտանկիւնէն մեկնելով պիտի սերտէ լիբանանցիներու աշխատավարձի յաւելման թղթածրարը:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գրաւել տուաւ երկու բեռնարկղներ, որոնք կը պարունակէին թունաւոր նիւթեր, որոնց գործածութիւնը միջազգայնօրէն արգիլուած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի եւ Հըզպալլայի միջեւ կեցուածքներու հակադրութիւնը ազդակ մըն է, որ Լիբանանի կառավարութիւնը որեւէ ատեն կրնայ տապալիլ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յառաջիկայ շաբաթ օր տեղի ունենալիք նահատակներու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին արտասանելիք իր խօսքին մէջ պիտի անդրադառնայ Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին կացութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, երէկ հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը անպայման պիտի ապահովուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ երեքշաբթի օր Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարք, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան: Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատ է իր կեցուածքներուն մէջ եւ երբեք չի մտածեր վերամիանալ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու շարքերուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES