ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան խոստումներու գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ երեսփոխան Հանրի Հըլուն, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան