ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ – ՍԱԼԵՀԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:
Մանսուր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ փորթուգալցի իր պաշտօնակիցին հետ:
Հանդիպումէն ետք Մանսուր նկատել տուաւ, որ փորթուգալցի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է Սուրիոյ մէջ բարեկարգումներ կատարելու նպաստելու անհրաժեշտութիւնը: Ան նշեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են, որ սուրիական վարչակարգին տապալումով ոչինչ կարելի է իրագործել:
Այս ծիրին մէջ Մանսուր ընդգծեց, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը խախտելու պարագային ամբողջ շրջանին ապահովական կայունութիւնը կրնայ խախտիլ:
Միւս կողմէ, լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Մանսուր յայտնեց, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը խնդրած է իրեն հետ հանդիպում մը ունենալ` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին կիպրացի նախարարը ներկայացուցած է Կիպրոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ այս հանգրուանին տիրող տարակարծութիւնները: Մանսուր նշեց, որ ինք իր կարգին շեշտած է, որ Լիբանան կը փափաքի լիբանանեան-կիպրական համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկել:
Հանդիպելէ ետք Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ` Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան եւ Սուրիա քոյր պետութիւններ են` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները:
Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու որդեգրման պարագային Լիբանանի արտայայտելիք կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով Մանսուր ըսաւ. «Մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, պէտք է օժանդակենք, որ Սուրիա դուրս գայ իր դիմագրաւած տագնապէն եւ ոչ թէ պատժամիջոցներ պարտադրենք Դամասկոսի վրայ»: