ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԻՍՏԻՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Համատ Պըն Խալիֆա իշխանը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նախագահեց կանխարգիլման դիւանագիտութեան վերաբերող նիստի մը, որուն քննարկումը կ՛իյնար միջազգային ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը ամրապնդելու շրջագիծին մէջ:

Նիստին ընթացքին ներկայացուեցան այնպիսի միտքեր ու առաջարկներ, որոնք կը նպաստեն կանխարգիլման դիւանագիտութեան:

Պէտք է նշել, որ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը կը նախագահէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նման նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Քոլոմպիոյ, Պրազիլի, Հարաւային Ափրիկէի, Նիկերիոյ, Կապոնի եւ Պոսնիոյ նախագահները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն:

Նշենք, որ Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութեան իր նստաշրջանը ստանձնած էր Հնդկաստանէն, իսկ հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը Լիբանան նախագահութիւնը պիտի յանձնէ Նիկերիոյ:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի ծովային սահմաններն ու լիբանանեան ջուրերուն մէջ Լիբանանի վերաբերող տնտեսական շրջանը ճշդելու կարելիութիւնը եւ Կիպրոս-Իսրայէլ միացեալ սահմանին շուրջ Լիբանանի համաձայնութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ: Քննարկուեցան արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քաթարեան յարաբերութիւնները:

Նախագահ Սլէյման այլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Փղոսկրեայ Ափունքի նախագահ Հասան Ապտել Ռահման Ուաթարայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Փղոսկրեայ Ափունքի լիբանանեան գաղութին եւ իշխանութիւններուն միջեւ հեզասահ յարաբերութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյման Ուաթարան հրաւիրեց Լիբանան, ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ ինք մտադիր է այցելել Փղոսկրեայ Ափունք:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն աշխատանքներուն ծիրին մէջ տեղակայուած թրքական զօրամասին դերակատարութիւնն ու Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES