ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի հետ:
Մամետեարով Ալմակրոյի հետ քննարկած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը: Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ իր երկիրը կը յարգէ միջազգային իրաւունքի արժեչափերն ու սկզբունքները եւ կը զօրակցի ղարաբաղեան տագնապի` միջազգային իրաւունքի հիմամբ լուծման:
Նշենք, որ օրեր առաջ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը աննախադէպ յայտարարութիւն մը կատարած էր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ: Ան ըսած էր, որ «այսօր մենք կ՛ուսումնասիրենք հարցը` պետականօրէն տեսակէտ յայտնելու համար, սակայն ես անձամբ համոզուած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմական Հայաստանի մաս կը կազմէ եւ պէտք է ըլլայ անկախ կամ կարճ ժամանակի մէջ կցուի Հայաստանին: Այս է արցախեան խնդիրի միակ լուծումը»:


