«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՄՏԱԾ Է ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստէն պահ մը

Ըստ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախանցեալ օր հրապարակած ընկերային-տնտեսական վիճակը բնութագրող հիմնական տնտեսական ցուցանիշները օգոստոս 2011-ին կը վկայեն, որ Հայաստան մտած է տնտեսական աշխուժութեան հանգրուան:

«Տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը դրական է. եթէ ատիկա համադրենք համախառն ներքին արդիւնքի ցուցանիշին հետ եւ փորձենք գնահատել, ապա կը տեսնենք, որ այստեղ ալ աճ արձանագրուած է: Փորձագիտական գնահատականներով համախառն ներքին արդիւնքի աճը այս պահու դրութեամբ կը կազմէ 4.5 առ հարիւր եւ ատիկա կը նշանակէ, որ 2011-ի մեր ծրագիրը ամբողջութեամբ իրատեսական է», երէկ Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին ըսաւ վարչապետը:

Տիգրան Սարգսեան յայտնեց, որ աննախադէպ անկումէն ետք գիւղատնտեսութիւնը կ՛արձանագրէ աճի բաւական բարձր թափ, արդիւնաբերութիւնը բաւական բարձր կշռոյթով կ՛աճի. արտահանման աճի թափը կը գերազանցէ ներմուծման աճի թափին:

Այս ամէնուն զուգընթաց` անկումը կը շարունակուի շինարարութեան մարզին մէջ, ինչ որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան լուրջ խնդիր կ՛որակէ:

Վարչապետը նշեց, որ շինարարութեան տեսակարար կշիռը համախառն ներքին արդիւնքին մէջ այս պահու դրութեամբ կրկնակի նուազած է: Ան ընդգծեց, որ միւս կողմէ, տեղի ունեցած է տնտեսութեան ճիւղաւորում, ինչ որ տնտեսական աճի տեսակէտէն կը նուազեցնէ տատանումներու վտանգները: «Այսինքն` 2009-ի նման աննախադէպ անկում այլեւս մեզի չի սպառնար, որովհետեւ որեւէ ճիւղի զգալի անկումը չի կրնար 14 առ հարիւրի անկումի յանգեցնել», նշեց վարչապետ Սարգսեան:

Share this Article
CATEGORIES