ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԱՀՄԱԶԵԱՆ ԱՒԱՐՏԵՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏԻ ԻՐ ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ ԱՍՊԱՐԷԶԸ
Շիրակ Գիւմրիի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի վեթերան յետսապահ Յովհաննէս Թահմազեան վերջ դրաւ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Հակառակ ֆութպոլիստի իր ասպարէզը լքելուն, ան պիտի չհեռանայ խումբէն, որովհետեւ պաշտօն պիտի ստանձնէ Շիրակի մարզչական բաժինին մէջ:
Նշենք, որ Յովհաննէս Թահմազեան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ամէնէն աւելի շատ մրցումներ կատարած ֆութպոլիստն է:
CATEGORIES Մարզական

