ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ՀԱՄՊՈՒՐԿ ՊԻՏԻ ՅԱՋՈՂԻ՞ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵԼ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Շթութկարթ – Համպուրկ բացման մրցումով այսօր կը սկսի Պունտըսլիկայի 7-րդ հանգրուանը:

Ցարդ իր կատարած վեց մրցումներուն ընթացքին հաւասարութիւն մը արձանագրած եւ հինգ պարտութիւն կրած Համպուրկ, որ կէտով մը կը գրաւէ վերջին դիրքը, արդեօք այսօր պիտի յաջողի՞ արձանագրել  տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը: Անոր նման ցարդ յաղթանակ չէ արձանագրած նաեւ այլ կազմ մը` Օկզպուրկ:

7-րդ հանգրուանի մրցումներուն հետաքրքրական պիտի ըլլայ վաղը տեղի ունենալիք Պայէրն Միւնիխ – Պայէր Լեւերքուզըն ճակատումը:

Ստորեւ կու տանք 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).

ԱՅՍՕՐ                              ԺԱՄ

Շթութկարթ (6) – Համպուրկ (18)  21:30

ՇԱԲԱԹ

Օկզպուրկ (17) – Հանովըր-96 (5) 16:30

Մայնց-05 (13) – Պորուսիա Տորթմունտ (12)    16:30

Մէօնշընկլատպախ (3) – Նիւրեմպերկ (8) 16:30

Շալքէ (9) – Ֆրայպուրկ (16)           16:30

Վոլֆսպուրկ (14) – Քայզըրսլաութըրն (15) 16:30

Պայէրն Միւնիխ (1) – Պայէր Լեւերքուզըն (7)    19:30

ԿԻՐԱԿԻ

Քէօլն (13) – Հոֆընհայմ (4)                  16:30

Վերտըր Պրեմըն (2) – Հերթա Պերլին (10)      18:30

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES