ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ ԱՌԱՆՑ ՄԱՐԶԻՉԻ

Լոթար Մաթէուս

Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի գերմանացի մարզիչ Լոթար Մաթէուս պիտի լքէ իր պաշտօնը, հակառակ անոր որ ան մինչեւ 2013 պայմանագրութիւն մը ստորագրած էր անոր հետ:

Ֆետերասիոնի նախագահ Պորիսլաւ Միհայլով ըսաւ, որ երկու կողմերը իրարու հետ համաձայնութիւն գոյացնելով որոշեցին այդ պայմանագրութիւնը խզել:

«Նկատի ունենալով, որ ան ընդհանրապէս իր ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէ Պուլկարիայէն դուրս, այդքան ալ շատ ժամանակ չի տրամադրեր զբաղելու ազգային խումբով կամ մարզիկները ընտրելու պարտականութեամբ», ըսաւ Միհայլով:

50 տարեկան Մաթէուս, Պուլկարիոյ հետ կատարած իր 11 մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց երեք յաղթանակ (երկուքը` բարեկամական մրցումի ընթացքին):

Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պուլկարիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու մարզիչ Միհայիլ Մատանսքի նշանակուեցաւ ժամանակաւոր մարզիչ: Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի վերջին երկու մրցումներուն (Ուքրանիոյ եւ Կալեսի դէմ) ան պիտի ստանձնէ մարզիչի պաշտօնը: Նշենք, որ Պուլկարիա արդէն իսկ դուրս մնացած է Եւրօ-2012-ի մրցաշարքէն:

 

Share this Article
CATEGORIES