ԳՐՉԱՏՈՒՓԻՆ ՄԷՋ

Դարերու ընթացքին գրելու, ձեռագիր մը զարդարելու կամ տոմար մը լեցնելու համար թռչունի մը փետուրին թեթեւօրէն ճեղքուած ծայրը կը թաթխէին կաղամարի մը մէջ: Սակայն մագաղաթը եւ ապա թուղթը զանոնք սկսան շատ շուտ մաշեցնել…

***

1700-ական թուականներէն սկսեալ կը շինուին առաջին մետաղեայ «փետուրները», որոնք կ՛անցուին գրչակոթի մը ծայրը: 19-րդ դարուն կը յայտնուին առաջին մելանի պահեստով «սթիլոկրաֆները»: Մետաղեայ բարակ խողովակի մը մէջը կը գտնուի մելան պարունակող պզտիկ տոպրակ մը: Սակայն մելանը կանոնաւոր կերպով չի հոսիր այս տոպրակին` յառաջացնելով մեծ բիծեր:

Նման մեծ բիծ մըն է, որ արգելք կ՛ըլլայ ամերիկացի Էտսըն Ուաթըրմանի կարեւոր պայմանագրութիւն մը ստորագրելու: Այս դէպքը զայն կը մղէ կատարելու փնտռտուքներ, որոնք 1884-ի ծնունդ կու տան մաքուր գրող առաջին պահեստով արդի գրիչին:

***

1938 թուականին հունգարացի լրագրող մը` Լազլօ Պիրօ վերջ կը դնէ մելանի յառաջացուցած բիծերու հարցին: Օր մը, երբ մանուկները գնդիկներով կը խաղային ճամբան, ան կը նշմարէ, որ երբ գնդիկը լճացած ջուրին մէջէն կ՛անցնէր, ան իր ետեւէն ջուրի բարակ հետք մը կը ձգէր… Այս ձեւով է, որ Լազլօ եւ իր եղբայրը` Կէորկի, կը ստեղծեն «գնդիկով գրիչը»:

1950 թուականին Մարսէլ Պիխ պարոնը Պիրօ եղբայրներէն կը գնէ այս գրիչին արտօնագիրը եւ կը ստեղծէ նշանաւոր «Պիք» գրիչը, որ գործածուելէ ետք կը թափուի: Անոր ամէնէն նշանաւոր օրինակը «Քրիսթալն» է, որ աշխարհին չորս կողմերը ծանօթ է: Անիկա կերպընկալէ թափանցիկ մարմին մը ունի եւ մատիտի մը կը նմանի: Անոր մէջը գոյութիւն ունի մելանը պարունակող պզտիկ խողովակ մը, որուն ծայրը դրուած է մետաղեայ մանր գնդիկ մը: Երբ գնդիկը կը գլորի թուղթին վրայ, մելանը վրան կ՛իջնէ եւ անմիջապէս կը չորնայ: Սակայն հետաքրքրական է արձանագրել, որ մելանը չի հոսիր խողովակին միւս կողմէն. ինչո՞ւ: Կան երկու պատճառներ: Նախ` որովհետեւ մելանը թանձր էր: Եւ ապա` գրիչին մէկ կողմը գոյութիւն ունի մանր ծակ մը, ուրկէ օդը կ՛անցնի եւ կը ճնշէ մելանին վրայ: Օդին ճնշումը այնքան զօրաւոր է, որ մելանը ստիպուած է դէպի գնդիկ իջնել:

* * *

Այս բոլորը շատ լուրջ հարցեր են եւ մեզի կը յիշեցնեն այն պարտականութիւնները, զորս պէտք է տակաւին վերջացնենք…

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…

– Գրիչին մէջ 0,4 կրամ մելան վրայ:

– Գրիչին մելանը իւղով շինուած է (հետեւաբար ջուրին կը դիմանայ) եւ կը չորնայ նուազ քան 2 երկվայրկեանէն:

– Անոր մէջի մելանով կարելի է գրել աւելի քան 2 քմ երկարութեամբ գրութիւն:

 

ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ

 

Կրնա՞ս գտնել այս պատկերին մէջ գոյութիւն ունեցող 21 անբնական մանրամասնութիւնները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

ՍԵՆԵԱԿՆԻՍ ՇՏԿԵՆՔ

… Եւ պատրաստուինք նոր տարեշրջան մը սկսելու:

ա.- Զատենք այն, ինչ որ պիտի թափենք եւ ինչ որ պիտի պահենք:

բ.- Գործածենք աղբի մեծ տոպրակ մը` բոլոր աղբերը մէջը դնելու համար:

գ.- Բաժնենք տակաւին լաւ վիճակի մէջ գտնուող խաղալիքները, որոնք այլեւս չենք գործածեր:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

դ.- Պզտիկ առարկաները կը դնենք տարբեր տուփերու մէջ:

ե.- Մաքուր լաթի կտոր մը կը գործածենք փոշիները առնելու համար:

զ.- Երբ գորգը փոշեծծիչով մաքրենք, չենք մոռնար նոյնիսկ կարասիներուն տակն ալ մաքրելու:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ, ԲԱՅՑ ԻՐԱ՛Ւ

– Իսկական ոսկի գոյութիւն ունի արեւուն վրայ:

– Մարդ արարածը օրուան ընթացքին կը թարթէ մօտաւորապէս 17 հազար անգամ:

– Ապակին կրնայ միլիոնաւոր տարիներ դիմանալ բնութեան մէջ:

- Ծառի մը վրայ հաստատուած տնակի մը մէջ խաղցուած ամէնէն երկար տեւած մոնոփոլիի խաղը խաղցուած է 286 ժամ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

– Երկրագունդին մօտաւորապէս մէկ տասներորդը ծածկուած է սառոյցով:

– Սառոյցի կոյտի մը մէջ բանտարկուա[ օդը կրնայ հոն մնալ հազարաւոր տարիներ:

– Հաւերը արեւածագին լոյսը մարxոցմէ 45 վայ’կեան առաջ կը տեսնեն:

 

- Աշխարհի ամէնէն փոքր ծովաձին դրոշմաթուղթէ մը աւելի փոքր է:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

– Դլփինները կը քնանան մէկ աչքերնին գոց:

– Երկրագունդը ամէն օր մօտաւորապէս 2,6 միլիոն քմ կը կտրէ:

 

ԺԱՄԱՆՑ

 

1) Ո՞ր երկիրը ամէնէն շատ պանան կ՛արտածէ (տարեկան` մօտաւորապէս 10 միլիոն թոն):

2) Մօտաւորապէս քանի՞ տարբեր տեսակ պանիր կ՛արտադրէ Ֆրանսա:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

3) Ե՞րբ այր մարդիկ եւ կիները սկսան տարբեր կօշիկներ հագնիլ:

4) Մօտաւորապէս քանի՞ ծաղիկներու նեկտարը կը հաւաքեն մեղուները մօտաւորապէս 500 կրամ մեղր արտադրելու համար:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԺԱՄԱՆՑԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

1) Պրազիլ ամէնէն շատ պանան արտածող առաջին երկիրներէն մէկն է:

2) 500: Ֆրանսական ասացուածք մը կ՛ըսէ, թէ տարբեր պանիր մը կայ տարուան ամէն մէկ օրուան համար:

3) 18-րդ դարուն: 17-րդ եւ 18-րդ դարերուն թէ՛ այր մարդիկ, թէ՛ կիները բարձր կրունկով կօշիկներ կը հագնէին բարձր երեւնալու համար, ինչպէս նաեւ` իրենց հագուստները հողէն եւ ցեխէն պաշտպանելու համար:

4) 2 միլիոն:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES