ԱՆԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ, ԱՐԹԻՒՐ ԿԻԼԻԿԵԱՆԻ, ԱՄԻՆ ՍԱՅԵՂԻ ԵՒ ՍԻՄՈՆ ԽԱՇՇԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Քարլոս Խաշշան, որ գինիի մասնագէտ է, նկատել տուաւ, որ վայրը այցելողները պիտի համտեսեն գինի եւ միեւնոյն ժամանակ պիտի դիտեն արուեստի գործեր, իսկ ամէն հինգշաբթի երեկոյեան տեղի կ՛ունենայ գինեսեղան-ընթրիք, որուն ներկայ կը գտնուին արուեստագէտները, որոնք աւելի մօտէն կը ծանօթանան այցելուներուն:
Իր կարգին Սիմոն Խաշշան, որ ցուցահանդէսին ներկայացած էր 10 արուեստի գործերով, յայտնեց, թէ 18 տարիէ ի վեր կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ ունեցած է նաեւ անհատական ցուցահանդէսներ: Սիմոն Խաշշան, որ Լիբանանեան համալսարանին մէջ արուեստի դասախօս է, նկատել տուաւ, որ այս անգամ իր գործերուն նիւթերը կիներն են եւ անոնց իրավիճակը` սպասում, երազանք եւ այլն:
Ցուցահանդէսէն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ զանազան ցուցահանդէսներու մասնակցած Անի Քիւրքճեան` 5 արուեստի գործերով, որոնց նիւթն էր «Յարալէզ չաստուածներ եւ կրօնի մարտիրոսներ», աւելի քան 40 ցուցահանդէսներու մասնակցած Արթիւր Կիլիկեան, որ ներկայացած էր 10 գործերով, որոնք կ՛արտացոլէին մարդու ներաշխարհը, եւ Ամին Սայեղ, որ իր կարգին մասնակցած էր զանազան հաւաքական ու անհատական ցուցահանդէսներու եւ ներկայացած էր 5 արուեստի գործերով, որոնց մէջ գործածած էր զօրաւոր գոյներ` մեզ առաջնորդելու համար դէպի հեռուն, դէպի ապագան:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 23 հոկտեմբեր:


![havaka[1]](https://archive.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2011/09/havaka1-300x225.jpg)