ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Լիբանանեան տեղական մամուլին համաձայն, հիւսիսեան ակումբները իրենց առաջադրած թեկնածուին` Ուալիտ Քարամի թեկնածութիւնը յետս կոչած են Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մասնակի ընտրութիւններէն` առիթ տալու համար ՀՄԸՄ-ի առաջադրած թեկնածուին` Եղիա Սրապոնեանին, որպէսզի վերջինս մաս կազմէ համախոհական ցանկին:

Պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան տնօրէն Զէյտ Խիամիէն, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Պարաքաթէն եւ փոխնախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլայէն, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամէն, Ռիատի Պէյրութի պատասխանատու Ժիհատ Սալամէէն, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանէն, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսոյէն եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Մազեն Քըպէյսիէն, այցելեց Սաժեսի նախագահ Թալալ Մաքտեսիի գրասենեակը (Հըրշ Թապեթ):

Պատուիրակութիւնը այս հանդիպումին ընթացքին շեշտեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ Սաժեսի ներկայացուցիչ ունենալու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան անուանի ակումբներէն մէկն ըլլալով իր ներդրումը ունեցած է լիբանանեան պասքեթպոլի յառաջխաղացքին:

Պատուիրակութիւնը ապա ուղղուեցաւ հիւսիսի մայրաքաղաք Թրիփոլի («Սաֆատի» կեդրոն) ուր հանդիպում ունեցաւ Մութթահետի նախագահ Ահմետ Սաֆատիի հետ` ներկայութեամբ հիւսիսեան 18 ակումբներու ներկայացուցիչներուն:

Այս հանդիպումը եղաւ դրական` նկատի ունենալով, որ հիւսիսեան ակումբները որոշեցին իրենց առաջադրած թեկնածուն յետս կոչել, որպէսզի տեղի ունենալիք մասնակի ընտրութիւններուն ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը մաս կազմէ ֆետերասիոնին:

Նշենք, որ Լիբանանի ֆետերասիոնի մասնակի ընտրութիւններուն պաշտօնապէս իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած անձերն են` Նատեր Նասիմ Պասմէ, Եասեր Ահմետ Հաժ, Եղիա Յակոբ Սրապոնեան, Ուալիտ Ֆիլիփ Քարամ, Ժաք Նապիհ Հատտատ եւ Տաւիտ Նայիմ Համոտ:

 

Share this Article
CATEGORIES