ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ՏՂՈՑ Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱՀԱՆԳ

ՀՄԸՄ – ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ԱՊԱՀՈՎԵՑ
Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Նախանցեալ օր, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի տղոց Բ. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան Լեռնալիբանանի նահանգի Ա. հանգրուանի մրցումները` մասնակցութեամբ 32 խումբերու, որոնք բաժնուած են ութ խմբակներու:

Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ- Պուրճ Համուտի կազմը ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Ռիսալէ Պըրժ Պարաժնէն: Նոյն խմբակին մաս կազմող Հաֆրուն Ըհմեժ եւ Ղատիր Ժունիէ դաշտ չներկայացան:

Այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան Բ. հանգրուանի մրցումները` ժամը 18:00-էն սկսեալ:

Նշենք, որ Բ. հանգրուանին իրենց տոմսը ապահովողներուն կարգին էր նաեւ Շանվիլ (Ը. խմբակ): Անոր խմբակէն դուրս մնացին Մոն լա Սալ, Սուուտ Տըպպայէ եւ Թալիա Շըհիմ:

 

Share this Article
CATEGORIES