ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց իրանեան դիւանագիտական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեց Լիբանանի մէջ իրանեան դեսպանատան գործավար Մեհտի Շաուշաթրին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող ընդհանուր իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին վաւերացումով լիբանանցիներն են, որոնք յաղթեցին, եւ ոչ ոք չտուժեց: «Քաղաքական հարցերուն առումով տարակարծութիւններն ու քննարկումները կարելի են, սակայն կենցաղային եւ տնտեսական հարցերուն դիմաց բոլորը պէտք է զիջին», ըսաւ Պըրրի:
Ան նկատել տուաւ, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը արդէն իրենց ետին կը գտնուի` աւելցնելով, որ կայ երկրորդ կարեւոր թղթածրար մը` լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի հանքերուն թղթածրարը, որուն քննարկումը պէտք է սկսի:
Այս ծիրին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ ինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն իմացած է, որ ան հանդիպում մը պիտի ունենայ Կիպրոսի նախագահին հետ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ դարձեալ ծովային սահմանագծում կատարելու հեռանկարները` նկատի ունենալով, որ Կիպրոսի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումին պատճառով ի յայտ եկած են իսրայէլեան ոտնձգութիւններ: