ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ

Նախարարներ Դաւթեան եւ Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, որ Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու համահայկական համաժողովին շրջագիծին մէջ կը գտնուէր Երեւան` քննարկելու համար Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, երէկ վերադարձաւ Պէյրութ:

Համաժողովին մասնակցութեան կողքին, նախարար Սապունճեան հանդիպումներ ունեցաւ մեծ թիւով հայ պաշտօնատարներու հետ, որոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստի նախարար Տիգրան Դաւթեան:

Հանդիպումին ընթացքին նախարարներ Սապունճեան եւ Դաւթեան քննարկեցին ճարտարարուեստի մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան կարելիութիւնները:

Նախարար Սապունճեան նկատել տուաւ, որ հայ գործարարներն ու հայրենի իշխանութեան պատասխանատուները լիբանանցի պաշտօնատարները կը նկատեն յաջող անձնաւորութիւններ եւ անոնց նկատմամբ վստահութիւն կը տածեն` փափաքելով գործակցիլ անոնց հետ:

Վ. Սապունճեան յանձնարարեց, որ հայ գործարարներուն եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան միջեւ գործակցութիւնը բարելաւուի:

Իր կարգին, Տ. Դաւթեան յայտնեց, որ ինք տեղեակ պիտի պահէ հայ գործարարները` երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու նպատակով:

Նախարար Սապունճեան Հայաստանի մէջ այցելեց բազմաթիւ գործարաններ եւ սեփականատէրերը տեղեակ պահեց Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու պայմաններուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES