ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄ` ՖԱԹՀ ԻՍԼԱՄԻ ԱՐԳԵԼԱՓԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԲԱՆՏԱՊԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուեցան բախումներ` Ֆաթհ իսլամի արգելափակեալներուն եւ բանտապահներուն ու ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Ապահովական կառոյցներու տեղեկութիւններուն համաձայն, Ֆաթհ իսլամի արգելափակեալներ կրցած են կարգ մը զինուորներ բանտարկել իրենց խուցերուն մէջ:

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, բանտապահները կը փորձէին Ֆաթհ իսլամի արգելափակեալներէն ոմանք Ռումիէի բանտին երրորդ յարկէն փոխադրել այլ տեղեր` առաջքը առնելու համար հաւանական այլ խռովութիւններու: Սակայն այդ որոշումը գործադրելու ընթացքին արձանագրուեցան բախումներ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 15 անձեր` զինուորներուն եւ բանտարկեալներուն շարքերէն: Վիրաւորուեցաւ նաեւ Ա. ենթասպայ Թաուֆիք Նասր:

Ապահովական աղբիւրները նշեցին, որ արգելափակեալներուն հետ բանակցութիւններ կատարուած են` բանտարկուած սպան եւ տասը զինուորները ազատ արձակելու համար:

Բանակցութիւններուն աւարտին որոշուեցաւ արգելափակեալներուն փոխադրութեան որոշումը չգործադրել:

Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուած այս խռովութիւններուն ակնարկելով` արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ նկատել տուաւ, որ հարկ է անմիջական լուծում գտնել այդ հարցին` նկատել տալով, որ պէտք է Ռումիէի բանտին ապահովութեան հսկող ուժերուն թիւը աւելցնել: Քըրթպաուի շեշտեց Ռումիէի բանտին մէջ նոր կառոյց մը հաստատելու, ինչպէս նաեւ Ֆաթհ իսլամի անդամներուն դատավարութիւնը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES