ԱՅՍՕՐ` ՌԱՆԻԵՐԻԻ ԱՌԱՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆԻ ՀԵՏ
Իբրեւ «թափառական» մարզիչ ճանչցուած իտալացի Քլաուտիօ Ռանիերի, որ նախանցեալ օր նշանակուեցաւ Ինթեր Միլանի մարզիչ, այսօր` շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, իր կազմին հետ պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը, երբ անոր կազմը Քալչիոյի մրցումներուն հիւրը ըլլայ Պոլոնիայի:
59 տարեկան Ռանիերի, որ մինչեւ 30 յունիս 2013 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ինթերի հետ, փոխարինեց Ճիան Փիեռօ Կասփերինին, որ երեք ամիս իր պաշտօնին վրայ մնալէ եւ բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրելէ ետք պաշտօնազրկուեցաւ:
Ռանիերի եղած է Վալենսիայի, Աթլեթիքօ Մատրիտի, Չելսիի, Նափոլիի, Ֆիորենթինայի, Եուվենթուսի եւ Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ:
Հակառակ այսպիսի անուանի ակումբներու մարզիչը ըլլալուն, ան երբեք չէ յաջողած ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալ: Ան միայն Ֆիորենթինայի եւ Վալենսիայի հետ տիրացած է Իտալիոյ (1996) եւ Սպանիոյ (1999) բաժակի մրցաշարքերու տիտղոսներուն:


