«ԱՏԻՏԱՍ» ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՎ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ «Ատիտաս» ընկերութիւնը շատ մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականով եւ կը փափաքի անոր հովանաւոր ընկերութիւնը դառնալ:
Բնականաբար, ասիկա պատահականութեան արդիւնք չէ, այլ Հայաստանի արձանագրած այն մեծ յառաջխաղացքին, որ ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի նոր դասաւորման մէջ, երբ բարձրացաւ 44-րդ դիրք:
CATEGORIES Մարզական