ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԷՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ «ՈՒՈՒՏ ՊԵՃ»Ի ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻՆ
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը մասնակցեցաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի կազմակերպած «Ուուտ պեճ»ի գործնական դասընթացքին, որ կայացաւ 6-11 սեպտեմբերին Սուրի Անսար շրջանին մէջ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մասնաճիւղը ներկայացուցին Աբիկ Չոլաքեան, Մելքոն Պապէյեան եւ Ժաք Պէրպէրեան: Սոյն դասընթացքին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ Ֆրանս մասնաճիւղի խմբապետ Պօղոս Մահպուպեան, որ Փարիզէն յատուկ ժամանեց սոյն դասընթացքին իր մասնակցութիւնը բերելու:
Ամբողջ դասընթացքի տեւողութեան վերոյիշեալ ՀՄԸՄ-ականները մասնակցեցան բոլոր աշխատանքներուն եւ իրենց մասնաճիւղին մէջ սորված բոլոր գիտելիքներով եւ փորձառութեամբ պատուաբեր արդիւնքով աւարտեցին դասընթացքը եւ տիրացան կազմակերպիչներու գնահատանքին:
CATEGORIES Անդրադարձ