ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ՁԵՐ ԼՈՅՍՆ ԱԼ ԱՅՆՊԷՍ ԹՈՂ ՓԱՅԼԻ ՄԱՐԴԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ, ՈՐ…»
Սիրելի՛ ընթերցող, ես չեմ հաւատար դիպուածի կամ պատահմունքի, քանի որ կը հաւատամ Անո՛ր, որ Տէրն է ժամանակին եւ Արարիչը` կեանքին…
Բայց գուցէ կարելի է ընդունիլ «զուգադիպութիւն»-ը, որ կրնայ տեղի ունենալ անկախ քեզմէ եւ ինձմէ` մեզմէ, որ սահմանափակ ենք թէ՛ մտքով ու թէ՛ սրտով:
Այսպիսի զուգադիպութեան մը առջեւ կը գտնուինք, երբ մեր օրաթերթը մէկ կողմէն կը ծանուցանէ 10-11 սեպտեմբեր 2011-ին Վիեննայի մէջ կազմակերպուելիք «Մխիթարեան միաբանութեան Վիեննայի մէջ հաստատման 200-ամեայ յոբելեան (1811-2011)»-ը, եւ, միւս կողմէն, իր «50 տարի առաջ, 5 սեպտեմբեր 1961-2011» խորագրեալ սիւնակով կը յիշեցնէ ասկէ յիսուն տարիներ առաջ շարադրուած «Խմբագրական»-ը` զայն վերահրատարակելով այս վերտառութեամբ.«Վիեննական Մխիթարեաններու յոբելեանները» (տես «Ազդակ», Բշ., 5 սեպտեմբեր 2011, էջ 8գ):
Վիեննա, 3-10 սեպտեմբեր 1961 տեղի ունեցած չորս յոբելեաններուն ներկայ եղայ տասնմէկ տարեկան արաբախօս պատանիս, որ իբրեւ ժառանգաւոր այդ թուականէն եօթը ամիսներ առաջ հասած էի Մխիթարեաններուն դպրեվանքը:
Ատենին թէպէտ բան մը չհասկցայ, քանի ո՛չ հայերէն եւ ո՛չ գերմաներէն գիտէի, բայց եւ այնպէս դեռ յիշողութեանս մէջ կը յածի շեշտուած փառաւորութիւնը հանդէսներուն եւ արարողութիւններուն, ներկայութիւնը` ակնածանք պարտադրող աշխարհական ու հոգեւորական անձնաւորութիւններուն:
Բայց յատկապէս տակաւին կը յիշեմ այն օրերուն պատանիիս վրայ խորհրդաւորութիւն, այո՛, երկիւղ ներազդող դէմքերը աբբահայր Մեսրոպ արք. Համոզեան (1887-1974), հայր Ներսէս Ակինեան (1883-1963), հայր Արսէն Ջնտոյեան (1884-1974), հայր Մովսէս Սրապեան (1886-1965), հայր Իգնատիոս Ագեան (1888-1978), հայր Համազասպ Ոսկեան (1895-1968), հայր Ղեւոնդ Մովսէսեան (1896-1983), հայր Վահան Ինգլիզեան (1897-1968), հայր Եփրեմ Պօղոսեան (1897-1972) եւ հայր Պետրոս Տէր Պօղոսեան (1898-1980) վիեննական գիտնականներուն, որոնց հայկաբանութեան ու հայակերտումին բերած մեծ նպաստին մասին բանախօսեցի, յիսուն տարի ետք, սեպտեմբեր 10-ին: Անոնցմէ քանիներ դարձած էին իմ ուսուցիչներս, օրինակներս եւ առաջնորդներս:
Համաձայն եմ, որ` «այս հանդիսաւոր օրերը առիթ նկատենք` թարգմանն հանդիսանալու այն երախտագիտութեան, որ հայ ժողովուրդը, առանց խտրութեան, ունի հանդէպ Մխիթարեան միաբանութեան, անոր երկու թեւերուն հանդէպ հաւասարապէս` իբրեւ զուտ հայադրոշմ հաստատութիւններու, որոնց գործը ոչ միայն հայ ժողովուրդին ի նպաստ անգնահատելի ծառայութեան մը արժէքով կը ներկայանայ մեզի, այլ նաեւ պատիւ կը բերէ հայութեան, միջազգային չափանիշով» («Ազդակ»):
Լիովին ճիշդ է, որ` «յոբելեանները առիթներ են, որպէս զի պահ մը ետ նայինք` չափելու համար այն ճամբան, որ կտրած է յոբելեար անձը կամ հաստատութիւնը: Այս պարագային, մենք մեզ կը գտնենք կոթողական գործի մը առջեւ, որ միջազգային արժէքով մեծ դէմքերու պատկերով կը ներկայանայ մեզի:
Անցեալին մէջ` Գաթըրճեան, Այտընեան, Գալեմքերեան, Տաշեան, իսկ այժմ նոյնքան արժէքաւոր դէմքեր` Ակինեան, Կոգեան, Ինգլիզեան եւ Ոսկեան, իրենց գիտական մտքին անսպառ պաշարով եւ հայութեան հոգեկան արժէքներուն ջերմօրէն հաւատացողի ու ըստ այնմ գործողի բծախնդրութեամբ:
Բոլոր այս դէմքերը, որոնց հեղինակութիւնները ճոխացուցին հայ դպրութեան գանձարանը, հասարակաց մէկ գիծով կը ներկայանան մեզի` հակառակ իրենց հմտութեան այլազանութեան: Հայրենասիրութեան շեշտուած գիծ մը, որ զուտ բանասիրական նիւթերու մէջ իսկ զգալի կը դառնայ, ո՛ւր մնաց հայագիտական այլ ճիւղերու պարագային, ուր մաքուր հայրենասիրութեան մը դրոշմը կայ» («Ազդակ»):
Սեպտեմբեր 10-ի ակադեմական ձեռնարկին աւարտին, շրջափակին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին, հինգ բանախօսներուն հայթայթած տուեալներու նորութենէն, քանակէն, որակէն ու տարողութենէն «շանթահարուած`» ներկաները, ընդհանրապէս, եւ անձնաւորութիւնները, յատկապէս, լորձնաշուրթն արտայայտեցին իրենց մեծ անակնկալն ու հիացումը` նկատմամբ վիեննականներու խոր հոգեկանութեան եւ բարձրագոյն գիտականութեան:
Մարդ ես, կ՛ուրախանաս գովասանքին դիմաց: Բայց աւելի ներքուստ կը բերկրիս, երբ հոգեմտաւորիդ մէջ կ՛արձագանգէ Աստուածային Վարդապետին այս իմաստուն խօսքը, որ կը խրախուսէ քեզ ու զիս` աւելի եւ աւելի պտղաբերելու մեր առօրեային մէջ.«Դուք էք լոյսը աշխարհին: Ձեր լոյսն ալ այնպէս թող փայլի մարդերուն առջեւ, որպէսզի տեսնելով ձեր բարի գործերը` փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է» (Մտթ. 5,16):
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սթոքհոլմ, 19 սեպտեմբեր 2011

