ԹՈՒՎԱԼՈՒ ՃԱՆՉՑԱՒ ԱԲԽԱԶԻՈՅ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Թուվալու ճանչցած է Աբխազիոյ անկախութիւնը: Երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին յայտարարութիւնը ստորագրուած է 18 սեպտեմբերին` Սոխումիի մէջ: Փաստաթուղթը ստորագրած են Թուվալուի եւ Աբխազիոյ վարչապետներ Վիլլի Թելաւի եւ Սերկէյ Շամպա:

Թուվալու Ռուսիայէն, Նիքարակուայէն, Վենեզուելայէն եւ Նաուրուէն ետք Աբխազիոյ անկախութիւնը ճանչցած հինգերորդ պետութիւնն է:

Թուվալու Խաղաղական ովկիանոսին մէջ 26 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ունեցող կղզիներու խումբ մըն է, որուն բնակչութեան թիւը 10500 է:

Նշենք, որ Թուվալու շուրջ մէկ տարի առաջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին վրացի գաղթականներու Աբխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա վերադարձին թեր քուէարկած էր, որմէ ետք Թիֆլիս կղզի-պետութեան որոշած էր նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել:

Share this Article
CATEGORIES