ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՍԱՒ ՆԻՒ ԵՈՐՔ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Նիւ Եորք:
Միքաթի շաբաթ օր Պէյրութէն անձնական օդանաւով մեկնեցաւ Նիւ Եորք, յառաջիկայ երեքշաբթի օր նախագահելու համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ան պիտի արտասանէ խօսք մը, որ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի զարգացումներուն:
Ապահովութեան խորհուրդի նիստին Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութեան մաս պիտի կազմէ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ:
Կը նախատեսուի, որ Միքաթի եւ Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունենան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ ՄԱԿ-ի 66-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակից բազմաթիւ պատասխանատուներու հետ:
Վարչապետ Միքաթի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իր առաքելութեան նպատակն է Լիբանանի դիրքերը ամրապնդել` միջազգային հրապարակին վրայ:
Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ ինք պատրաստ է ներքին լիբանանեան առումով բոլոր հարցերը հանդարտօրէն քննարկելու, պահպանելով լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ փոխադարձ յարգանքը:
Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան այլ միջոց չունի, բացի միջազգային ընտանիքին հետ իր լաւ յարաբերութիւնները պահելէ` զանց առնելով Իսրայէլը:
Վարչապետը ընդգծեց, որ հարկ է լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութիւնը պահել եւ անոր առաջնահերթութիւն ընծայել:
Նշենք, որ Միքաթի Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ներկայացուցիչ Մահմուտ Ժըպրիլի հետ:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները վերահաստատելու հեռանկարները:
Ժըպրիլ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Լիպիոյ միջեւ յարաբերութիւնները խզուած են Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի արարքներուն պատճառով:
Ան նկատել տուաւ, որ Միքաթի իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնած է այդ յարաբերութիւնները վերադարձնելու իր նախկին հեզասահ ընթացքին:
Միւս կողմէ, վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Միքաթի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին նախագահելու ընթացքին պիտի վերահաստատէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Միքաթի նախքան Նիւ Եորք իր մեկնումը հանդիպում մը ունեցած էր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի հետ: