ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՒԱՐՏԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՆԿԱՏՈՒՈՂ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԵՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման անցեալ շաբաթավերջին Նիւ Եորքէն վերադարձաւ Պէյրութ` աւարտելով բազմաթիւ պաշտօնատարներու հետ ունեցած իր յաջող հանդիպումները:

Նախագահ Սլէյման առաջին անգամ ըլլալով նախագահեց Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին արծարծուեցաւ կանխարգիլման դիւանագիտութեան անհրաժեշտութիւնը:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Սլէյման ընդգծեց քննարկուող հարցերուն ծիրին մէջ լիբանանեան սկզբունքները, յատկապէս` արաբական-իսրայէլեան մակարդակին վրայ:

Նախագահ Սլէյման Նիւ Եորքի մէջ ունեցած իր հանդիպումներուն ծիրին մէջ շեշտեց նաեւ, որ Լիբանան կը զօրակցի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան առումով պաղեստինեան ջանքերուն:

Հանրապետութեան նախագահը յատկապէս ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ ունեցած իր  հանդիպումին ընթացքին ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ տակաւին տառացիօրէն չէ գործադրած ՄԱԿ-ի թիւ 425 եւ թիւ 1701 բանաձեւերը:

Ըստ Ազգային լրատու գործակալութեան, կարգ մը պետութեանց նախագահներ շեշտած են, որ իրենք պատրաստ են իրենց երկիրներուն յատուկ զօրամասերով մաս կազմելու հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES