ԹԵՆԻՍ. ՎԱԼԵՆՍԻԱ ՕՓԸՆ-500-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԴԱՒԻԹ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ` ՆԿԱՏԻ ԱՌՆՈՒՈՂՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՔԻՆ

Յառաջիկայ 29 հոկտեմբերէն 6 նոյեմբեր տեղի պիտի ունենայ Վալենսիա Օփըն-500-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքը:

Մրցաշարքը կազմակերպողները կը յայտնեն, որ արդէն իսկ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին տասը դիրքը գրաւողներէն չորսին հետ:

Մրցաշարքին կը մասնակցին 32 մարզիկներ, որոնցմէ 25-ը արդէն իսկ նախապէս անոր հրաւէր ստացած են, իսկ մնացեալ ութին անունները կը յստականան զտումի երկու հանգրուանի մրցումներէն ետք:

Նշենք, որ այդ 25-ին կարգին է արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան, որ կազմակերպիչներէն հրաւէր ստացաւ` մասնակցելու մրցաշարքին:

Վալենսիա-Օփընը կը հետապնդէ բարեգործական նպատակներ: Գլխաւոր մրցաշարքին զուգահեռ, 4-6 նոյեմբերին տեղի կ՛ունենայ նաեւ հաշմանդամներու մրցաշարքը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուի Խուան Քարլոս Ֆերերոյի բարեգործական հիմնադրամին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES