50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (27 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1961)

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Տասը օրէն լիբանանահայ բոլոր կրթական հաստատութիւնները` ազգային թեմական վարժարաններ, երկրորդական մասնաւոր վարժարաններ ու քոյր յարանուանութեանց կրթարաններ, կը վերաբանան իրենց դռները` նոր հեռանկարներով եւ յաջողութեան նոր յոյսերով: Տասնեակ հազարաւոր հայ աշակերտ-աշակերտուհիներ կը պատրաստուին դպրոցական նոր տարեշրջանի մը` լուսածարաւ ժողովուրդի մը հարազատ զաւակները իբրեւ:

Աւանդութիւն կամ սովորութիւն է, այս առթիւ, «քանի մը խօսք ընել» դաստիարակչական եւ ուսումնական մեր մտահոգութիւններու մասին եւ հրաւիրել շահագրգռուողները (ուսումնական մարմիններ, ուսուցիչ, ծնող եւ աշակերտ) համապատասխան գիտակցութեամբ եւ բծախնդրութեամբ արժեւորելու իրենց դերն ու պարտականութիւնները:

Առանց վերամուտին սպասելու` մեր թերթի սիւնակներուն մէջ լայն տեղ տուած ենք դաստիարակչական եւ կրթական մտահոգութիւններու շուրջ անհատական եւ ընդհանուր տեսակէտներու, թելադրութեանց ու առաջարկներու, որոնք եղած են մեր աշխատակիցներու կողմէ կատարուած տեսակցութիւններու ընթացքին: Աշխատակիցներ եւ կրթական հարցերով մտահոգ գործիչներ այս թերթին միջոցով պարզած են իրենց մտածումները, եւ վստահ ենք, այսուհետեւ եւս առիթ կ՛ունենան արտայայտուելու:

Արդ, իբրեւ «աւուր պատշաճի խօսք», կ՛ուզենք հպանցիկ կերպով անդրադառնալ հիմնական քանի մը մտահոգութիւններու:

Առաջինը այն հոգեբանութիւնն է, որ կը տիրէ ընդհանրապէս ընտանեկան յարկերէ ներս, ուր կարծէք դպրոցական տարեշրջանին հետ կը սկսի «թեթեւնալու շրջանը» ծնողներուն համար: Մայրեր ու հայրեր գոհ կ՛ըլլան, որ հանդարտ գլխով իրենց գործով պիտի զբաղին, ու իրենց զաւակներուն նիստ ու կացին հակակշիռը պիտի փոխանցուի ինքնաբերաբար վարժարաններուն:

Ոչ ոք կ՛անդրադառնայ սակայն, թէ աշակերտի մը կեանքին մեծագոյն մասը կ՛անցնի տան մէջ, եւ թէ, մասնաւորաբար դաստիարակչական տեսակէտով, ընտանեկան յարկի տակ, ծնողական մթնոլորտի մէջ կը կազմաւորուի անոր նկարագիրը:

Դժբախտութիւն է, հանրային տեսակէտով, որ ծնողներու մեծամասնութիւնը` զաւակներու դաստիարակութեան գործը ամբողջովին վարժարանէն կ՛ակնկալէ եւ այս անտարբերութեամբ ալ յաճախ կը քանդէ այն, ինչ որ վարժարանը կը շինէ:

Մասնաւորաբար այս օրերուն, երբ մեր վարժարաններն ու ուսումնական մարմինները կրթական նոր հարկադրանքներու տակ են, անհրաժեշտ է, որ ծնողներ լրիւ գիտակցութեամբ գործակցին ուսումնական մեր հաստատութիւններուն:

Ազգային մեր բոլոր վարժարանները, պատշաճելով ժամանակի պահանջներուն, քանի մը տարիէ ի վեր կը գործադրեն լիբանանեան պետական ծրագիրը` առանց ստորագնահատելու տոհմիկ եւ ազգային կրթութեան պահանջները:

Արդ, նիւթական թէ բարոյական տեսակէտով, մեր վարժարաններուն աջակցելու կենսական ստիպողութիւն մը կը ծանրանայ նաեւ ծնողներուն վրայ:

Եթէ հայ վարժարաններ արաբերէն կամ անգլերէն պիտի սորվեցնեն մեր աշակերտներուն, եւ պիտի ձգտին զանոնք ներկայացնել պետական քննութիւններու, հարկադրաբար պէտք պիտի ունենան այդ ճիւղերը լաւապէս աւանդող հայ ուսուցիչներու. հայ կ՛ըսենք, որովհետեւ օտար ուսուցիչները, բացառութիւնները յարգելով, ցարդ չեն կրցած արժեցնել իրենք զիրենք: Արդ, այդ ճիւղերու ուռճացումին համար հայ ուսուցիչներու ապահովումը կը կարօտի հազարներու… «Ազգ»ը պիտի չտայ այդ գումարները, այլ` ծնողները, անհատաբար, առանց սակարկութեան:

Այլապէս, տեղ չենք հասնիր` դպրոցին հետ սակարկելով:

Share this Article
CATEGORIES