ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ (ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵԼՈՅԹԷՆ)
Կանգնած էր: Աչքերը փակ: Գլուխը խոնարհած: Կարծէք` ծանր բեռ մը պիտի շալկէր իր շրթներուն վրայ: Շունչ առաւ եւ ժայթքեց սիրտը` Քրիստոսի յարութեան ուրախութեամբ: Ու մեղեդիները, ինչպէս մոլորակները` անհունին մէջ, հանդարտ շրջագայելու սկսան օդին մէջ, մեր շուրջ եւ ականջներուն մէջ:
Յիշեց իր ուսուցիչը` Զարեհ սրբազանը, երբ նորածիլ խազերը արեւու շողերուն նման դուրս կու տար շրթներէն: Կը ժպտէր ուսուցիչը: Ձեռքերով կը զարնէր աշակերտին ուսերուն` գնահատելով անոր ձայնը…
Բայց պէտք էր մանկանալ: Ոտքի էր, սակայն կարծես ծունկի եկած, աչքերը երկինք յառած ու ձեռքերը մանուկի պէս աղաչական բացած` կ՛աղօթէր: Հայ մանուկ մը, որ ականատես կը դառնար իր շուրջ կատարուած անխղճութիւններուն: Կ՛աղաչէր իր Երկնաւոր Հօրմէն հայրիկին ու մայրիկին տալ երկար կեանք եւ պահպանութիւն: Լալագին, չէր ուզեր, որ իր ծնողքին բան պատահէր: Ու ձայնը կը թրթռար յուզումին մէջ: Կոյր հաւատքով կ՛արտասանէր բառերը…
Մեղեդիներով, գիւղական բարբառով ու յուզումներով Կոմիտաս վարդապետին պատկերը կ՛ուրուագծուէր բեմին վրայ: Ան ներկայ էր: Չէր ուզեր նստիլ: Նոյն հանդարտ վարդապետն էր: Տակաւին` վշտացած: Ցաւ կար դէմքին վրայ:
Ու Գէորգ սարկաւագը պարանը ձեռքը` կը հնչեցնէր «Անլռելի զանգակատունը»: Բազուկները պրկած` անվերջ կը հնչեցնէր: Աչքերը ուրիշ բան կը տեսնէին: Ան հոս չէր մտքով: Մեղեդիներուն հետ ինք եւս կը ծփար: Կ՛ուզէր ինք ալ մեղեդի մը դառնալ:
Պէտք էր արթնցնել ժողովուրդը:
Պէտք էր ցաւի մրրիկը հեռացնել:
Պէտք էր վաղուան պայծառ յոյսը տալ:
Ու թնդացին «Հիմի էլ լռենք»ն ու «Բամբ որոտան»ը: Գոռաց յառաջ: Ահազանգ հնչեցուց` ըսելով, թէ Կիլիկիան մեզ կը սպասէ` Հայաստանով ամբողջանալու: Իր աչքերուն մէջ կը փայլէին վաղուան գարնան շուշանը բռնագրաւուած հայ հողին վրայ: Կոմիտաս վարդապետի անհուն ժպիտը: Հայ երաժշտութեան ազատ ման գալը իր պապենական հողին վրայ:
Պարանը լաւ կը քաշէր: Եւ ամբողջական Հայաստան ունենալու յոյսով կը ժպտէր: Արդէն իր հոգիին մէջ Հայաստանը ամբողջացած էր:
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք