ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՍԵՆԹ ԷՃԻՏԻՕ»Ի ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
11-13 սեպտեմբեր 2011, Միւնիխի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցաւ «Սենթ Էճիտիօ»ի կազմակերպած միջկրօնական միջազգային համագումարը` «Երկխօսութեան ճամբով համակեցութիւն կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ» ընդհանուր թեմային շուրջ:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, համագումարին մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու եւ տեսուչ դպրեվանքի): Համագումարը համախմբեց եկեղեցիներու, զանազան կրօններու եւ ընկերութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցներու շուրջ 500 հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ, որոնք աղօթքով, լիագումար նիստերով եւ փոքր խումբերու քննարկումներով լեցուցին իրենց առօրեան:
Կիրակի, 11 սեպտեմբերին մայր տաճարին մէջ 11 սեպտեմբեր 2001-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած խափանարարութիւններու զոհերու յիշատակին նուիրուած աղօթքին մէջ բաժին ունեցաւ նաեւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանը: Երեքշաբթի, 13 սեպտեմբերին, «Հաւատացեալներ օտար երկիրներու մէջ» կլոր սեղանի շրջագիծին մէջ սրբազանը դասախօսեց «Հայ քրիստոնեաներ սփիւռքի մէջ» նիւթին շուրջ` յատկապէս ծանրանալով 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած սփիւռքեան պայմաններուն մէջ Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան վրայ:
Յայտնենք, թէ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու խմբակ մը 1968-ին հիմնած է «Սենթ Էճիտիօ» համայնքը, որ այսօր աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կը հաշուէ 50 հազարէն աւելի անդամ-անդամուհիներ:

