ԱՐԺԱՆԹԻՆ ԿԸ ՆՇԷ «ՄԱՏԻՏՆԵՐՈՒ ԳԻՇԵՐ»Ը

Անոնք երկրորդական վարժարանի գաղափարապաշտ երիտասարդ ուսանողներ էին, որոնք անտեղեակ էին, թէ ի՛նչ սարսափներ պիտի դիմագրաւէին. բանտարկութիւն, խոշտանգումներ եւ, կարգ մը պարագաներու, մահ:

Երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցաւ Արժանթինի զինուորական իշխանութեան օրերուն ամէնէն տխրահռչակ դրուագներէն մէկը. 10 ուսանողներու առեւանգումը` ապահովական ուժերու կողմէ, Լա Փլաթա քաղաքին մէջ, Պուէնոս Այրեսի մօտ:

16 եւ 17 սեպտեմբեր 1976-ին դիմակաւոր մարդիկ մթութեան քողին տակ ներխուժեցին անոնց տուները, զանոնք տանելով գաղտնի կալանավայրեր: Ասիկա հանրածանօթ եղաւ իբրեւ «Մատիտներու գիշեր»ը:

Առեւանգուածներէն վեց ուսանողներ անգամ մըն ալ չտեսնուեցան:

Էմիլսէ Մոլեր մէկն էր այդ փորձութենէն փրկուած, վերապրած չորսէն:

«Զինեալ մարդոց խումբ մը ներխուժեց իմ տունս` զիս փնտռելով: Երբ ես գիշերազգեստով իմ ննջասենեակէս ելայ, անոնք կարծես թէ զարմացան, որովհետեւ ես 17 տարեկանէն շատ փոքր կ՛երեւէի», կ՛ըսէ Էմիլսէ:

ԾԵԾ` ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՈՒՇՔԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ

Միւսներուն նման, Էմիլսէ կը պատկանէր ուսանողներու միութեան, որ Մոնթոներաս անունով ծանօթ քաղաքային հրոսակային խումբի մը հետ կապեր ունէր:

Ուսանողները նախաձեռնած էին աշակերտներուն անվճար երթեւեկ պահանջելու քարոզչական արշաւի մը, սակայն յստակ չէ, թէ իրականութեան մէջ զիրենք առեւանգելու դրդապատճառը ի՛նչ էր: Թէեւ մէկ բան պարզ է, որ այն ժամանակուան ճնշող մթնոլորտին մէջ զինուորականութիւնը զիրենք խռովարար, քանդիչ կը նկատէր:

«Այդ գիշեր, երբ անոնք տեսան իմ քոյրս, որ ինձմէ քանի մը տարի մեծ էր, ուզեցին զայն եւս հետերնին տանիլ: Բայց բարեբախտաբար ինքնաշարժին մէջ տեղ չէր մնացած եւ զայն տունը ձգեցին», կ՛ըսէ Էմիլսէ:

Ամբողջ գլուխը ծածկուած, Էմիլսէ չէր տեսներ, թէ ի՛նչ կը պատահի կամ զինք ո՛ւր կը տանէին: Միայն տարիներ ետք ինք յաջողեցաւ վերականգնել այդ գիշեր սկսած իրադարձութիւնները:

«Ես իմ երիտասարդութեանս օրերու ընկերներս,  գրեթէ չունիմ. անոնցմէ շատերը անհետացած են, կամ անոնք, որոնք վերապրած են, խոշտանգումներու եւ ազատազրկումի ենթարկուած են»:

«Մեզ տարին գաղտնի արգելարան մը` Արենա, ուր մեզ ենթարկեցին մարդ արարածին համար ամէնէն անտանելի տանջանքներուն:

«Անոնք մեզ չարչարեցին խոր սատիզմով: Ես կը յիշեմ, որ մերկ էի: Ես փխրուն, փոքր աղջնակ մըն էի 1,5 մեթր հասակով եւ 47 քկ. ծանրութեամբ: Ես խոշտանգուեցայ, եւ ծեծի ենթարկուեցայ ուշքս կորսնցնելու աստիճան, այդ ալ, իմ դատողութեամբս, հսկայ մարդու մը կողմէ», կ՛ըսէ Էմիլսէ եւ կ՛աւելցնէ. «Ան նոյնիսկ զիս չհարցաքննեց»:

Էմիլսէ կը խուսափի որոշ մանրամասնութիւններ տալէ, բայց այլ ուսանող մը` Փապլօ Տիազ, հետաքննութեան մը ընթացքին պատկերաւոր վկայութիւն տուաւ զինուորականներու իրականացուցած խոշտանգումներուն մասին եւ օգնեց իրենց հարցին վրայ աւելի ընդարձակ ուշադրութեան կեդրոնացման:

«Արենայի մէջ բերանս ելեկտրական հոսանքով ցնցեցին, մարմնիս բոլոր մասերը, ի մասնաւորի` սեռային անդամներս նոյնպէս ելեկտրական սարքերով ցնցեցին: Ոտքիս մատներէն եղունգները քաշեցին:

Շատ սովորական էր առանց ուտելիքի քանի մը օր մնալը», կ՛ըսէ Փապլօ, որ այն ատեն 18 տարեկան էր:

Միւս փրկուածներն էին Կուստաւօ Քալոթթի, այն ատեն 18 տարեկան, եւ 17-ամեայ Փաթրիսիա Միրանտա, որ ի տարբերութիւն միւսներուն` քաղաքական գործունէութիւն մը չէր ունեցած:

Մարիա Քլոտիա Ֆալքոներ

Սպաննուած զոհերն էին (16-18 տարեկան)` Ֆրանսիսքօ Լոփեզ, Հորասիօ Ունկարօ, Մարիա Քլարա Քիոչինի, Քլոտիօ տը Աչա, Տանիէլ Ռասերօ եւ Մարիա Քլոտիա Ֆալքոներ, որուն դէմքը դարձաւ ամէնէն հանրածանօթ պատկերներէն մէկը` այս ուսանողներուն յիշատակը վառ պահելու համար:

Տանջանքները, որոնց ուսանողները ենթարկուեցան, դարձան ամէնէն խորհրդանշական իրադարձութիւններէն մէկը այն բռնատիրութեան, որ Արժանթինի մէջ իշխեց 1976-1983 թուականներուն:

Այդ ուսանողներուն պատմութիւնը ներկայացուած է բեմադրիչ Հեքթոր Օլիվերայի 1986-ին պատրաստած շարժանկարին մէջ, որ կը կոչուի «Մատիտներու գիշերը», եւ որ կը նկատուի այդ իրադարձութիւններուն հզօր նկարագրութիւն մը:

Զինուորական իշխանութեան ժամանակաշրջանին ապահովութեան ուժերուն կողմէ սպաննուած այլախոհներուն թիւը կը գնահատուի մօտաւորապէս 30 հազարով: Մարդիկ կը հաւատան, որ սպաննուածներուն շարքին կային 18 տարիքը տակաւին չբոլորած 250 պատանիներ:

«Անհատներու անհետացման դէմ  յանձնախումբ»ը, որ 1984 թուականին հետաքննութիւն մը իրականացուց զինուորական կառավարութեան կողմէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու շուրջը, գտաւ, որ կարգ մը զոհեր նոյնիսկ 13 տարեկան են:

ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

Էմիլսէ Մոլեր

Էմիլսէ տակաւին վառ կերպով կը յիշէ 1976-ի իրադարձութիւնները:

«Մեր առաջին կալանքէն շաբաթ մը ետք, մենք բեռնատար կառքով մը այլ վայր մը փոխադրուեցանք: Երբեմն բեռնատարը կանգ կ՛առնէր, եւ իմ ընկերներէս ոմանք կառքէն կ՛իջեցնէին: Ասոնք անոնք են, որոնք անհետացած են», կ՛ըսէ Էմիլսէ, որ երկու այլ գաղտնի բանտեր եւս փոխադրուեցաւ, մինչեւ որ քանի մը շաբաթ ետք պաշտօնապէս բանտարկեալ յայտարարուեցաւ (նշան մը, որ անոր պիտի արտօնուի ապրիլ) եւ երկու տարի ազատազրկուեցաւ:

Հարցումը, որ կը մնայ, այն չէ, թէ ինչո՞ւ անոր արտօնուեցաւ ապրիլ, բայց այն, թէ ինչո՞ւ անոր պատանի ընկերները պիտի սպաննուէին:

«Ես ոչինչ ըրի գոյատեւելու համար եւ, վստահաբար, ընկերներս ոչինչ ըրած էին սպաննուելու համար», կ՛ըսէ Էմիլսէ:

Սեպտեմբերի կիսուն Պուէնոս Այրեսի մէջ սկսած դատավարութեան ատեն 25 նախկին ոստիկաններ կամ բանակային սպաներ եւ քաղաքային մը ամբաստանուեցան մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու յանցանքին համար` «Մատիտներու գիշեր»ի եւ այլ հարիւրաւոր նմանօրինակ դէպքերու առնչուող:

Դատախազները կ՛ըսեն, թէ ոստիկաններէն մէկը` Միկել Էչեքոլած, այժմ 82-ամեայ, այդ օրերուն տանջած է 90 կալանաւորներ: Ասիկա իր երկրորդ դատավարութիւնը պիտի ըլլայ, քանի որ արդէն ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած է զինուորական իշխանութեան շրջանին իր գործած այլ ոճիրներու համար:

Էմիլսէ վերակառուցած է իր կեանքը, ըստ իրեն, շնորհիւ իր նախկին ընկերոջ, որ այժմ ամուսինն է եւ որ սպասած է Էմիլսէի ազատ արձակումին: Անոնք երեք զաւակներ ունին:

Բայց այդ օրերու յիշատակները տակաւին ցաւ կը պատճառեն:

«Ես հազիւ թէ այժմ ունիմ այն ընկերներս, զորս ունէի, երբ երիտասարդ էի: Անոնց մեծ մասը անհետացած է, կամ անոնք, որոնք փրկուած, վերապրած են, տանջանքներու կամ ազատազրկման ենթարկուած են», կ՛ըսէ Էմիլսէ:

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՀԵՌՆԱՆՏԵԶ

«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES