«ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՆՈՐ «ԽԱՂ»Ի ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ» ԸՍԱՒ ԹԱՐԱՍՈՎ

Ռուս քաղաքագէտ Սթանիսլաւ Թարասով «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդի` Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարան վերադարձնելու մասին որոշումը, կը գրէ, որ Անգարա Երեւանի հետ նոր խաղի կը պատրաստուի:

«Պաշտօնական տեսանկիւնէն այստեղ որեւէ արտասովոր բան չկայ, որովհետեւ Թուրքիա իր ստորագրութիւնը արձանագրութիւններէն չէր վերցուցած: Այս փաստը կու գայ ապացուցելու այն, որ Պաքուի պետական համալսարանի դասախօս, յայտնի քաղաքագէտ Ռուսթամ Մամետովի կանխատեսութիւնները սին են: Վերջինս յայտարարած էր, որ «Թուրքիոյ համար հայ-թրքական արձանագրութիւնները կը վերածուին անցած եւ անպէտք փուլի»: Սակայն ամէն բան ճիշդ հակառակը կ՛ըլլայ», կը գրէ Թարասով:

Ան կ՛աւելցնէ, որ «նախ եւ առաջ, նշենք, որ թրքական լրատուամիջոցներուն կարծիքով` Թուրքիա արձանագրութիւնները խորհրդարան վերադարձնելով Հայաստանի նկատմամբ բարի կամքի դրսեւորում կը կատարէ: Միւս կողմէ, անկասկած անիկա որոշակի ազդանշան է Ազրպէյճանին, ակնարկ այն բանի մասին, որ Անգարա Պաքուի հետ հետագայ յարաբերութիւններուն մէջ պիտի օգտագործէ հայկական խաղաքարտը»:

Ռուս քաղաքագէտը կը նշէ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ, յատկապէս հաշուի առնելով թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը, Թուրքիոյ համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը «օդէն կախուած» վիճակի մէջ պահելը մարտավարական կարեւոր խնդիր դարձած է, եւ կը մէջբերէ ազրպէյճանցի փորձագէտ Ռիզվան Հիւսէյնովի այն կարծիքը, թէ «այսօր Թուրքիոյ քաղաքական դաշտին մէջ որոշ շրջանակներ դարձեալ կ՛աշխուժացնեն խօսակցութիւնները Հայաստան- Թուրքիա արձանագրութիւններուն մասին: Եւ ատիկա հակառակ այն բանին, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները` անձամբ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ, արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, բազմաթիւ անգամներ յայտարարած են, որ արձանագրութիւնները դուրս բերուած են թրքական քաղաքականութեան օրակարգէն»:

«Թուրքիոյ` Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման գաղափարը կրնայ դրական կերպով անդրադառնալ Եւրոպայի հետ երկխօսութեան վրայ, այն պարագային, երբ մայրցամաքային ծովու ընթերքի խնդիրներուն պատճառով Թուրքիա Կիպրոսի եւ միեւնոյն ժամանակ Յունաստանի հետ իր յարաբերութիւնները փճացուցած է: Բացի ատկէ, Թուրքիա ատիկա կրնայ օգտագործել իբրեւ յաղթաթուղթ, եթէ Ազրպէյճան սկսի Թուրքիայէն դէպի Իսրայէլի կողմը հեռանալ», կը գրէ ռուս փորձագէտը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES