ԸՍՏ «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ»Ի ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՍԿԻԶԲԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻՆ

Թուրք պաշտօնատարներ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ հաւանական է, որ Սուրիոյ դէմ թրքական պատժամիջոցները յայտարարուին հոկտեմբերի սկիզբը: Ըստ աղբիւրներուն, շատ հաւանաբար պատժամիջոցները կարելիի սահմանին մէջ համապարփակ ըլլան եւ այնպիսի ձեւով կազմուած ըլլան, որ սուրիացի ժողովուրդին չվնասեն:

Օրաթերթը նշեց, որ պատժամիջոցները կը յաջորդեն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տկարացնելու համար անոր զէնքի մատակարարման արգիլման:

Share this Article
CATEGORIES