ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ ԵՒՐՈՊԱ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՈՒՂԻ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԻ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութեան անանուն մէկ աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական կազը Եւրոպա տեղափոխելու համար նոր ուղի կ՛առաջարկուի:
Ըստ առաջարկուող նոր տարբերակին, «Շահ Տենիզ» հանքավայրէն արդիւնաբերուող կազը Եւրոպա կրնայ տեղափոխուիլ Պուլկարիա-Ռումանիա-Հունգարիա-Խրուաթիա ուղիով:
CATEGORIES Միջազգային

