ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Ճարտարարուեստի նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանը համաձայնագիր մը ստորագրած է ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ` ճարտարարուեստի մարզին պատկանող հաստատութիւններուն ինքնաշարժները ծանուցողական կամ այլ որոշ ծառայութիւններու օգտագործելու վերաբերեալ:
Ստորագրուած համաձայնագիրին լոյսին տակ այսուհետեւ այդ ինքնաշարժներուն օգտագործումը պիտի արտօնուի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ, երբ տուեալ ընկերութիւն մը կամ գործարան մը կը կրէ ճարտարարուեստի նախարարութեան հաստատագիրը: Հետեւաբար, այդ ինքնաշարժները օգտագործելու համար ընկերութիւններուն եւ գործարաններուն սեփականատէրերը Առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակէն արտօնագիրներ ստանալու կարիքը պիտի չունենան:
CATEGORIES Լիբանանեան

