ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔԼԻՆԹԸՆԻ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ՀԵՏ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ` ներկայութեամբ Քլինթընի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամի:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի իբրեւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Քլինթըն ողջունեց ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի կեցուածքը, որուն ծիրին մէջ վերջինս ինքզինք ազատ կացուցած է շրջանային զարգացումներէն: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան պէտք է յանձնառու մնայ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ զօրակցիլ եւ օժանդակել լիբանանեան բանակին:
Քլինթըն յայտնեց, որ կարելի չէ ընդունիլ, որ լիբանանեան զինեալ ուժեր կառավարութեան կամ պետութեան դերակատարութիւնը ստանձնեն` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը միայն իրաւունք ունի պաշտպանելու Լիբանանը:
Քլինթըն նկատել տուաւ նաեւ, որ Միքաթի հաստատած է, որ Լիբանան յանձնառու պիտի մնայ միջազգային իր բոլոր պատասխանատուութիւններուն:
Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութեան առաջնահերթութիւնը երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումն է` նկատել տալով միաժամանակ, որ հարկ է օժանդակել բանակին` գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը: Միքաթի կոչ ուղղեց նաեւ որդեգրելու եւ գործադրելու Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը` լուծելու համար Միջին Արեւելքի տագնապը:
Ֆելթման իր կարգին յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի մեծ զգուշութեամբ պէտք է վարուի Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն նկատմամբ:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Լաւրով շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի:
Պէտք է նշել, որ այսօր վարչապետ Միքաթի պիտի նախագահէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին:
ՆՇԵՆՔ, որ վարչապետ Միքաթի երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ, որուն տեղեակ պահեց ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքներուն մասին: