ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱՆԻ` ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ԵՒ
ԱՐՀԵՍՏՆԵՐՈՒ ՈՒ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԿԵԴՐՈՆ

Անի, մայրաքաղաք հռչակուելէն ետք անհամեմատօրէն ընդարձակուեցաւ, բարգաւաճեցաւ, պարիսպներով եւ պաշտպանական կառոյցներով ամրացուեցաւ եւ արհեստներու, առեւտուրի ու մշակոյթի կեդրոն դարձաւ:

ԱՆԻԻ ՊԱՐՍՊԱՊԱՏՈՒՄԸ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ
ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄ

Անիի պարիսպները

Անին երբ 961-ին մայրաքաղաք հռչակուեցաւ, արդէն բաւական բազմամարդ քաղաք էր եւ իր բնական ամուր դիրքով աւելի յարմար էր քան Բագարանը եւ Երազգաւորսը եւ նոյնիսկ Կարսը: Նաեւ` անիկա կը գտնուէր Բագրատունեաց թագաւորութեան կեդրոնական գօտիին մէջ:

Անին միայն ամրացուած բնակավայր չէր, այլ իր շրջակայ ամրոցներով եւ յատկապէս Մաղասբերդի ու Տիգնիսի հետ ամրութիւններու շարք մը կը կազմէր: Շրջակայքը կային մշակոյթի կեդրոններ` Տեկոր եւ Հոռոմոս:

Անին մայրաքաղաք հռչակելով, Բագրատունիներ ջանքեր գործադրեցին միասնական պետութեան կազմաւորման համար: Արդարեւ Վասպուրականի Արծրունիները անկախ թագաւորութիւն հռչակած էին: Անին մայրաքաղաք դառնալէն ետք Աշոտ Գ. Ողորմածի եղբայրը` Մուշեղ Կարսի մէջ առանձին թագաւորութիւն հիմնեց: Կազմաւորուեցաւ նաեւ Լոռիի Կիւրիկեան թագաւորութիւնը: Կար նաեւ Սիւնիքի թագաւորութիւնը: Երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ կային օտար իշխանութիւններ:

Աշոտ Գ.ի յաջորդները` Սմբատ Բ. (977-989) եւ Գագիկ Ա. (989-1020), երկարատեւ խաղաղութեան պայմաններուն տակ ամրապնդեցին միասնական պետութեան կազմաւորման ջանքերը: Սմբատ Բ. յաջողեցաւ իր շուրջ համախմբել Վասպուրականի, Սիւնիքի, Կարսի, Աղուանքի եւ վրաց թագաւորները եւ Տայքի Դաւիթ կիւրաղապատը: Գագիկ Ա. ոչ միայն յաջողեցաւ պահպանել այդ միութիւնը, այլեւ ընդարձակեց իր պետութեան սահմանները: Բագրատունի թագաւորները նաեւ լաւ կազմակերպուած բանակ ստեղծեցին:

Բագրատունի թագաւորներուն համար, երկրի միասնականութեան հարցի կողքին, կարեւոր նշանակութիւն ունէր մայրաքաղաք Անիի ամրացման եւ զայն անմատչելի դարձնելու աշխատանքը: Թէեւ Անի բնականէն ամուր դիրք ունէր, բայց անոր նախկին ամրութեան գիծերը եւ միւս պաշտպանական կառուցուածքները արդէն անբաւարար էին: Աշոտ Գ. առաջին հերթին կառուցեց Ներքին պարիսպը, որ հետագային կոչուեցաւ Աշոտեան կամ Փոքր պարիսպ: Հաւանաբար նոյն ժամանակ կառուցուեցաւ արքայական պալատին մէկ մասը:

Մայրաքաղաք հռչակուելէն քանի մը տարի ետք արդէն Անի արագ թափով զարգանալով ու ընդարձակուելով, գրաւած էր Միջնաբերդէն հիւսիս-արեւելք տարածուող ընդարձակ սարահարթը, որուն համար ալ անհրաժեշտ դարձաւ պաշտպանական երկրորդ` Արտաքին կամ Մեծ պարիսպի կառուցումը` Սմբատ Բ.ի օրով:

Աշոտեան եւ Սմբատեան պարիսպներէն զատ, քաղաքի պաշտպանական համալիրին մէջ կը մտնէին Աղջկաբերդի ու Միջնաբերդի ամրութիւնները, Ախուրեանի, Ծաղկոցաձորի, Գլիձորի ուղղութեամբ կառուցուած պարսպահատուածները, քաղաքի արուարձաններուն ու մատոյցներուն մօտ ստեղծուած պաշտպանական պարիսպները եւ առանձին կէտեր: Նաեւ, Սմբատեան պարիսպին զուգահեռ, անոր արտաքին կողմէն 500 մեթր խորութեամբ խանտակ մը փորուեցաւ եւ ջուրով լեցուեցաւ:

Տնտեսական ու մշակութային կեանքի արագ զարգացման պայմաններուն տակ, Անի մեծ, բազմամարդ ու բարեկարգ քաղաք դարձաւ, արհեստներու ու առեւտուրի կեդրոն` իր զարգացած մշակոյթով:

Բագրատունեաց թագաւորութեան կազմաւորումէն ետք կաթողիկոսական աթոռը Արգինայի մէջ հաստատուած էր, բայց յետոյ, Անիի մայրաքաղաք հռչակումէն ետք հոն փոխադրուեցաւ: Հաւանաբար, Անիի մէջ օծուող եւ հոն հաստատուող առաջին կաթողիկոսը եղաւ Սարգիս Ա. Սիւնեցի, 993-ին:

Բագրատունի թագաւորները շահնշահ կամ արքայից արքայ տիտղոսը կը կրէին եւ ձեւականօրէն Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական եւ ոչ հայկական աւատական իշխանութիւններուն եւ թագաւորութիւններուն աւագագոյնը կը նկատուէին: Թագաւորէն ետք կու գային գահերէց իշխանները, այնուհետեւ` գահակալ իշխանները, որոնցմէ ետք` փոքր ազնուականները: Պետութեան ամէնէն բարձր պաշտօններն էին` իշխանաց իշխանը, սպարապետը, մարզպանը եւ մութսիպը:

ԱՐՀԵՍՏՆԵՐԸ

Անի

Բագրատունեաց թագաւորութիւնը, երկարատեւ խաղաղութեան պայմաններուն տակ, տնտեսապէս բարգաւաճեցաւ, եւ Արեւելքն ու Արեւմուտքը իրարու կապող տարանցիկ առեւտուրի միջավայր դարձաւ, եւ մայրաքաղաք Անի, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքներ արհեստներու ու առեւտուրի կարեւոր կեդրոններ դարձան: Անիի մէջ ընդհանրացած արհեստներն էին` հիւսնութիւնը, ոսկերչութիւնը, երկաթագործութիւնը, պղնձագործութիւնը, դարբնութիւնը, դերձակութիւնը, գդակագործութիւնը, զինագործութիւնը, մանածագործութիւնը, ջուլհակութիւնը, գորգագործութիւնը, բրուտագործութիւնը, պղնձագործութիւնը, մետաղագործութիւնը, ոսկերչութիւնը, արծաթագործութիւնը, ապակեգործութիւնը, ներկարարութիւնը, ասեղնագործութիւնը, քարտաշութիւնը, որմնադրութիւնը եւ ծեփագործութիւնը:

Անիի մէջ կազմակերպուեցան արհեստաւորական եւ առեւտրական եղբայրութիւններ: Մայրաքաղաքին մէջ կային եղբայրութիւններու անունով կոչուող փողոցներ` Դարբնոց, Բազզնոց, Կօշկակարոց, Փոլկակարոց, Կատտնոց (դերձակներու) եւ Գդակկարոց:

Զինագործութիւնը առաջնակարգ նշանակութիւն ունէր: Տասնեակ հազարներ հաշուող բանակին զինումը եւ զինամթերքով ապահովումը կը կատարուէր տեղացի զինագործներու ջանքերով: Գլխաւոր զէնքերն էին սակրը եւ սուսերը:

Ոսկերիչներն ու արծաթագործները կը պատրաստէին եկեղեցիներու ոսկիէ եւ արծաթէ սպասներ, արքունական եւ իշխանական պալատներու ոսկեզօծ դահլիճներու, ինչպէս նաեւ ազնուական կիներու այլատեսակ զարդեղէններ:

Պղնձագործները կը պատրաստէին պղինձէ ամաններ, կաթսաներ, խաչեր, ջահեր, դգալներ եւ այլ իրեր:

Մանածագործները թել կը մանէին բամպակէն, բուրդէն, վուշէն եւ մետաքսէն, իսկ ջուլհակները  բամպակէ գործուածքներ, մետաքսէ զգեստներ, ոսկեթելով նախշուած սփռոցներ, կապերտ եւ այլ գործուածքներ կը պատրաստէին:

Ապակեգործները կը պատրաստէին ուլունքներ, կանաչ, կապոյտ, սեւ եւ դեղին  ապարանջաններ, սրուակներ, գաւաթներ, բաժակներ, գունաւոր նախշաւոր անօթներ եւ բիւրեղապակեայ խաչեր:

Դերձակները մեծ թիւ կը կազմէին. իր կարգին դերձակութիւնը առանձին ճիւղերու բաժնուած էր, որոնցմէ էին գդակ կարողները: Ներկարարները, որդան կարմիրով եւ այլ ներկերով կը ներկէին հագուստները:

Շինարարական արհեստները` քարտաշութիւն, որմնադրութիւն, ծեփագործութիւն, ներկարարութիւն եւ հիւսնութիւն, շատ զարգացած էին: Շինարար այդ վարպետներն էին, որոնք քանի մը տասնեակ տարիներու ընթացքին կառուցեցին չքնաղ Անին: Քարի եւ յատկապէս տուֆի եւ պազալթի շինարարական մշակումը եւ պատերու շարուածքը իւրայատուկ էր միայն Անիի: Իսկ Անիի պարիսպներու մայրի փայտէ պատրաստուած ամուր դուռերը եւ Ախուրեանի կամուրջներու փայտեայ մասերը հիւսներու ձեռքի գործն էր:

Անի բրուտագործութեան կարեւոր կեդրոն էր: Տեղական կաւով կը պատրաստուէին բազմատեսակ առարկաներ եւ անօթներ` ամանեղէն, կարասներ, սնդկամաններ, ջուրի խողովակներ եւ յախճապակիէ ու ճենապակիէ զանազան իրեր:

Անիի մէջ կային շուրջ քսան ձիթհանքեր: Անոնք սովորաբար եկեղեցիներու կողքին կը կառուցուէին եւ անոնց արտադրած ձէթով կը լուսաւորէին եկեղեցիները երեկոյեան եւ մասամբ ալ առաւօտեան ժամերգութիւններու ժամանակ: Ձէթը կ՛օգտագործուէր նաեւ սնունդի մէջ, ինչպէս նաեւ բնակելի շէնքերը լուսաւորելու համար: Շիրակի դաշտը, ուրկէ կը ստանային ձէթի հումքը, կտաւհատն էր. ձէթ կը ստանային նաեւ քնջութէն:

Մայրաքաղաքը ունէր նաեւ տասնեակներով ջրաղացներ. Հատորնիկ ջրաղացը կը գտնուէր Գայլեձորի մէջ. անոր կողքին կը գտնուէր Գունիճանց տոհմին ջրաղացը:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԸ

Ձիթհանք

Անիի տնտեսական կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունէր թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին ու տարանցիկ առեւտուրը:

Ներքին առեւտուրը չէր սահմանափակուած միայն քաղաքի շրջանակներով, եւ Անի սերտօրէն կապուած էր երկրի տարբեր շրջաններուն եւ յատկապէս Դուինի, Երեւանի եւ Լոռիի հետ: Անիի անունով յատուկ դարպաս կար Դուինի մէջ. իսկ Անիի մէջ կար Դուինի դուռը:

Շուկան առեւտուրի, ինչպէս նաեւ հասարակական եւ տնտեսական կեանքի կեդրոն էր: Հոն կը գտնուէին խանութներն ու կրպակները: Շուկաներ կը գտնուէին գլխաւորաբար Իգաձորի, քաղաքի կեդրոնական գօտիին եւ Այրային Անիի շրջաններուն մէջ: Խանութները սովորաբար իրենց  տէրերուն անունով կը կոչուէին, ընդհանրապէս սալայատակուած կ՛ըլլային եւ երբեմն ալ ներքնամասեր ու ախոռներ կ՛ունենային: Ապրանքներու գիներու, առեւտուրի կարգ ու կանոնի պահպանման եւ չափի ու կշիռքի միաւորներուն հսկելու ու վաճառուող ապրանքներէն տուրք վերցնելու համար կը հսկէր քաղաքապետը` տանուտէրը, որ ունէր իր վերակացուները:

Անի իր շրջակայքին եւ երկրի տարբեր շրջաններուն հետ կապուած էր շարք մը ճանապարհներով, որոնց մէկ մասը կառուցուած էր Բագրատունիներուն ժամանակ: Յիշատակութեան արժանի է ժայռափոր եւ ոլորապտոյտ ճանապարհը, որ մայրաքաղաքը կը կապէր Ախուրեանի վրայ գտնուող երկյարկանի կամուրջին:

Անի տարանցիկ եւ միջազգային առեւտուրի կարեւորագոյն կեդրոն էր իր կարաւանային մայրուղիներով: Մեծ նշանակութիւն ունէր յատկապէս հիւսիսային մայրուղի, որ ունէր հետեւեալ ուղղութիւնը` Նախիջեւան-Դուին-Անի-Կարս-Կարին-Արծն-Տրապիզոն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրէն գլխաւոր ճանապարհէն կը բաժնուէին եւ դէպի տարբեր կողմեր կ՛երկարէին երկրորդական այլ ուղիներ: Կարաւանները ձմրան բուք ու բորանին, գիշերները կրնային հանգիստ առնել ճանապարհներու ուղղութեամբ կառուցուած իջեւաններուն մէջ: Հարաւային մայրուղին ունէր հետեւեալ ուղղութիւնը` Մարանդ-Հեր-Բերկրի-Արճէշ-Խլաթ-Բաղէշ-Արզն-Ամիդ եւ հիւսիսային մայրուղիին հետ կը միանար Հեր-Նախիջեւան-Արճէշ-Վաղարշակերտ-Անի-Խլաթ-Մանազկերտ-Կարին ճանապարհներով:

Անի հասնող վաճառականներուն եւ անոնց ապրանքներուն համար մայրաքաղաքին մէջ ստեղծուած էին հիւրանոցներ, խանապարներ (օժանդակ հիւրանոցներ) եւ փնդուկներ (իջեւաններ), որոնք բնակութեան յարմարութիւններու կողքին ունէին նաեւ վաճառականներուն բեռնակիր անասուններուն համար ախոռներ եւ ապրանքներ վաճառելու կրպակներ:

Անի առեւտրական սերտ յարաբերութիւններ ունէր Բիւզանդիոնի, Վրաստանի, Պարսկաստանի, Աղուանքի, Կեդրոնական Ասիոյ, Հնդկաստանի եւ մինչեւ Չինաստանի հետ:

ԳԻՒՂԱՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ

Ախուրեանի ձորը եւ քարանձաւային Անին

Անիի արուարձաններուն եւ յարակից գօտիին մէջ բաւական զարգացած էր գիւղատնտեսութիւնը: Մայրաքաղաքին հիւսիսային կողմը, Արտաքին պարիսպներէն դուրս տարածուող սարահարթին վրայ կը գտնուէր արուարձաններուն մէկ մասը: Այդ շրջանի բնակիչներուն մէկ մասը հաւանաբար երկրագործութեամբ կը զբաղէր: Անիի գիւղատնտեսութեան միւս գօտին Ծաղկոցաձորն էր, ուր կային բանջարանոցներ եւ ծաղկանոցներ: Մայրաքաղաքի քարտուններուն մէջ բնակողները ընդհանրապէս գիւղատնտեսութեամբ կը զբաղէին: 1031 թուակիր արձանագրութեան մը համաձայն իշխանաց իշխան Վահրամի որդի Ապուղամր Առաքելոց եկեղեցիին նուիրած է Կառնուտի արտը: Իսկ 1046 թուակիր արձանագրութեան մը մէջ Ապուղարիպ մարզպանի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ նուիրած կալուածներուն մէջ յիշուած է նաեւ «ձիթահանք եւ այգի եւ հողեար»: Նշենք, որ Անիի պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած են երկրագործական զանազան գործիքներ` գութանի երկաթի խոփեր, գերանդիներ, բահեր, բրիչներ, կամիր եւ եղաններ:

Անիի մէջ գոյութիւն ունէր սեփականատիրական չորս ձեւ` պետական (արքունական), տէրունի, եկեղեցական եւ մանր սեփականատիրական: Պետական սեփականութիւն էին արքայական պալատը, պաշտպանական կառոյցները եւ այլազան կալուածներ: Պետական եւ արքունական գանձերը կը պահուէին մայրաքաղաքին մօտակայ Մաղասբերդի եւ Տիգնիսի մէջ: Ոսկիի հանքերը կը նկատուէին թագաւորին, իսկ արծաթի հանքերը` թագուհիին սեփականութիւնը: Անիի մէջ կեդրոնացած ազնուականութիւնը մայրաքաղաքին մէջ հաւանաբար սահմանափակ կալուածներ ունէր կամ գրեթէ չունէր: Եկեղեցիները տէր էին ընդարձակ կալուածներու (որոնք կը գտնուէին մայրաքաղաքին մէջ եւ շրջակայքը), խանութներու, տուներու, ձիթհանքներու եւ հիւրատուներու:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES