ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆ ՄԸ ԿԸ ՑՆՑԷ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐԸ
ԱՆԻԿԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ ԻԲՐԵՒ ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԾԱՆԾԱՂ ԵՒ ՓՏԱԾ ՇԱՐՔ ՄԸ: ԵՒ ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՉԷ, ՈՐ «ՍՔԻՆԶ» ՆՄԱՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏԵՂԾԱԾ Է ԱՏԼԱՆՏԵԱՆԻ ՄԻՒՍ ԱՓԻՆ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ԱՒԵԼԻ ՊԱՀՊԱՆՈՂԱԿԱՆ ԵՆ, ՔԱՆ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻՆԵՐԸ` ԻՐԵՆՑ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱՄՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱԳԻՐՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՒ ՄԷՋ, ԻՍԿ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻՔ ԱՒԵԼԻ ԱԶԱՏԱՄԻՏ ԵՆ ԵՒ ՀԱՍՈՒՆ` ԻՐԵՆՑ ՊԱՏԱՆԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԿԵԱՆՔՆ ՈՒ ԱՆՈՆՑ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՀԱՐՑԵՐԸ ՃԱՆՉՆԱԼՈՎ ՊԱՍՏԱՌԻՆ ՎՐԱՅ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ.
Սեռային անպատշաճ տեսարաններով, ժամանակակից նորութիւններով լեցուն եւ ծնողները թիրախ դարձնող «Սքինզ»ը պատկերասփիւռի պատանեկան յայտագիրներու գայթակղեցուցիչ շարք մըն է, որ Բրիտանիոյ տարածքին 4 տարի շարունակ յաջողութիւն վայլելէ ետք, այժմ կտրած է Ատլանտեանը: Անոր առաջին յայտնագիրը ցուցադրուեցաւ յունուարին, «Էմ. Թի. Վի.» կայանին կողմէ: Զայն ցուցադրողները կը յուսան, որ անիկա իբրեւ բրիտանկան պատկերասփիւռի նորագոյն գաղափարը` իր ծաղկումը պիտի ապրի Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
Հետաքրքրական է, որ յայտագիրներուն ուղեւորութիւնը հեզասահ չընթացաւ: Ասիկա նաեւ նախատեսելի էր. Միացեալ Նահանգներու մէջ պատկերասփիւռի ակնդիրներ հռչակաւոր են պատշաճութեան սահմաններ յարգող մօտեցումի մը ակնկալութեամբ: Անոնք միշտ չէ, որ կը հրապուրուին ոգելից ըմպելիներով հրահրուած եւ սեռային տեսարաններով ողողուած պատկերասփիւռի յայտագիրներու շարքերով: Իրօք, զայրոյթը արդէն բարձրացած է:
Եւ ինչպիսի՛ զայրոյթ: Նախ` Միացեալ Նահանգներու Պատկերասփիւռի ծնողական խորհուրդը յայտագիրներուն պատկերասփռումէն առաջ զանոնք նկարագրեց իբրեւ «մանուկներու համար երբեւիցէ տեսնուած ամէնէն վտանգաւոր ցուցադրութիւնը»: Ապա Վիաքոմ` պատկերասփիւռի կայաններու սեփականատէր ընկերութիւն մը, որուն կը պատկանի «Էմ. Թի. Վի.»ն, յայտագիրները արտադրողներուն թելադրեց «քիչ մը մեղմացնել» անոնց բացայայտ տեսարաններով յագեցած բովանդակութիւնը:
Ի վերջոյ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը զգալի դարձուց իր դժգոհութիւնը եւ Պատկերասփիւռի ծնողական խորհուրդէն պահանջեց կատարել հետաքննութիւն մը` ստուգելու համար, թէ արդեօք յայտագիրները իրենց մերկութեան եւ սեռային տեսարաններով կը խախտէի՞ն մանկական պոռնկագրութեան օրէնքները: Եւ անշուշտ որ անոնց մեծ մասը կը խախտէ օրէնքը: Իրօք, «Սքինզ»ի զգայացունց յատկանիշը ինքնին մեծ մասամբ անոր մղիչ ուժն է: Վստահաբար Պատկերասփիւռի ծնողական խորհուրդին կողմէ առաջարկուած նախազգուշական միջոցառումներէն ետք ոչինչ կրճատուեցաւ ակնդիրներուն հրամցուած տարբերակէն: Յայտագիրներուն ցուցադրութեան առաջին գիշերը 3.3 միլիոն հոգի գամուեցան պատկերասփիւռի պաստառին դիմաց: Ասիկա մրցանիշ մըն էր` 12-34 տարեկան ակնդիրներ ներգրաւելու «Էմ. Թի. Վի.»ի կարողութեան համար: Թէեւ յայտագիրները ծանուցուած էին իբրեւ 17 տարեկանէն վեր ակնդիրներու յարմար նիւթ, սակայն ակնդիրներուն աւելի քան 1 միլիոնը 18 տարեկան էր կամ` աւելի փոքր:
Իրօք, Բրիտանիոյ մէջ ինքնին իր վիճելի բնոյթին ստեղծած հմայքով է, որ «Սքինզ» ժողովրդականութիւն կը վայելէ: Թմրեցուցիչի գործածութիւնը, սեռային յարաբերութիւնը, վիժումն ու սեփական մարմնին վնաս պատճառելու երեւոյթները կը ներկայացուին ամենայետին մանրամասնութիւններով: Անոնք հիւսուած են տեսարաններու միջեւ, որոնք կը պատկերեն գիշերային խնճոյքներ եւ գինարբուքներ:
Առաջին անգամ բրիտանական Ի4 կայանէն 2007-ին պատկերասփռուելէն ի վեր «Սքինզ» ներգրաւած է միլիոնաւոր ակնդիրներ եւ դարձած է կայանին պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի յաջողութիւն արձանագրած բրիտանական յայտագիրներու շարքը` նոյնիսկ արժանանալով իր երկրպագուներուն ստրկական նուիրումին: Դերակատարներուն մեծ մասը, որոնցմէ շատերը առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ դերասան կը ներկայանան հանրութեան, երկրորդական վարժարաններէ նոր շրջանաւարտներ են: Անոնք կը փոխարինուին իւրաքանչիւր նոր շարքի մէջ, եւ արդէն ծանօթ դէմքեր են: Համացանցի վրայ ընկերային կապեր հաստատող Թուիթըր ցանցին մէջ այս յայտագիրները ունին 83 հազար հետեւորդ: Նոյնիսկ անոնցմէ ներշնչուած վէպ մը սկսած է հիւսուիլ:
Աւելի՛ն. «Սքինզ» իր յստակ տեղը գրաւած է ժողովրդային գիտակցութեան մէջ: «Սքինզ խրախճանքի» մը ներկայ գտնուիլ` կը նշանակէ ներկայ գտնուիլ «մէկու մը բնակարանին մէջ տեղի ունեցող խրախճանքի մը, ուր ամէն ինչ կը ջարդուի ու կը փշրուի, շատեր սեռային յարաբերութիւն կ՛ունենան եւ գրեթէ ամէն ոք գինովցած է կամ` թմրեցուցիչով յագեցած», ինչպէս կը բացատրէ «Ըրպըն տիքշընըրի» (ռամկաբանութիւններու բառարան մը: «Ա.»): Երբ 2007-ի յունուարին երիտասարդներ ամէն տեղ սկսան կրել նէոն լոյսի գոյներով զարդեղէններ եւ իրենց դէմքերը սկսան ներկել մութին մէջ փայլող գոյներով, անոնք կը կապկէին «Սքինզ»ը: Յայտագիրներուն սիրահարները կը նշէին, թէ ընդօրինակելու այս երեւոյթը արդիւնք էր արտադրիչներուն նորարար մօտեցումին:
Պատկերասփիւռի յայտագիրներու հեղինակ Պրայըն Էլսլիի երեւակայութեան արդիւնքն է «Սքինզ»ը, որուն բնագիրը հաւաքական աշխատանքով կը ձեւաւորուի խումբ մը երիտասարդներու կողմէ: Էլսլիի զաւակը` Ճէյմի Պրիթեն, համալսարանէն նորաւարտ մը, դարձած է յայտագիրներուն հեղինակներէն մէկը եւ իր հօրը հետ շրջած է Բրիտանիոյ թատրոնի դպրոցներն ու թատերախումբերը` խոստմնալից թատերագիրներ փնտռելով: Արդիւնքը կ՛արտացոլէ պատանի-երիտասարդներու վարուելակերպին իրական ծանօթութիւն մը եւ անոնց ձգտումներուն նկատմամբ հասկացողութիւն մը: Անշուշտ իւրաքանչիւր աշակերտ իր շաբաթավերջը, չ՛անցըներ արգիլուած թմրեցուցիչներ գործածելով, սակայն եթէ առիթը ունենայ, հաւանաբար պիտի չմերժէ, ինչպէս նկատած են «Սքինզ»ի հեղինակները:
Էլսլի եւ Պրիթեն նաեւ որդեգրած են այնպիսի երաժշտութիւն մը, որ «Սքինզ»ը կը տարբերէ պատանեկան սովորական յայտագիրներէն: Երբ անոնք ընտրեցին ամերիկեան «Կոսիփ» խումբին «Սթենտինկ ին տը ուէյ աֆ քոնթրոլ» վերնագիրով եղանակը` իբրեւ յայտագիրներուն առաջին շարքին երաժշտական բնաբանը, անիկա անծանօթ փոփ եղանակէ մը վերածուեցաւ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն վայելող երաժշտութեան ցուցակներու գագաթի10 դիրքերուն վրայ իր տեղը վայելող գործի մը:
Նման յաջողութիւն մը վայելեցին «Լէյթ աֆ տը փայըր», «Լէյտիհոք», «Ֆոլզ» եւ «Էմ. Ճի. Էմ. Թի.» խումբերը: Իրօք, «Սքինզ» այնքա՛ն մեծ յաջողութիւն արձանագրած է երաժշտական նոր խումբեր անուանի դարձնելու մէջ, որ 2009-ին աշխարհին ամէնէն աւելի արագ երաժշտական լուրեր հաղորդող «Էն. Էմ. Ի.» կայանը յայտագիրներուն երաժշտական վերահսկիչ Ալեքս Հանքոքը հռչակեց երաժշտական ճարտարարուեստին մէջ ամէնէն աւելի կարեւորութիւն ներկայացնող 24-րդ անձը: Սակայն, ինչպէս Ամերիկայի մէջ, Բրիտանիոյ տարածքին եւս «Սքինզ»ը զերծ չէ տարակարծութենէ: Անիկա կը դատապարտուի իբրեւ պատանիներուն սեռային արժէքները շրջող, գինարբուքը քաջալերող եւ համացանցի միջոցով բնակարաններու մէջ զանգուածային խնճոյքներ կազմակերպելու մղող յայտագիրներու շարք մը: Այսուհանդերձ, գնացքը կանգ առնելու նշաններ ցոյց չի տար: «Էմ. Թի. Վի.»ի կողմէ որդեգրուելու կողքին, ընթացքի մէջ է ժապաւէնի մը պատրաստութիւնը: Աւելի քան 8000 հոգի իր թեկնածութիւնը առաջարկած է յայտագիրներու նոր շարքին մասնակցելու յոյսով:
Հետեւաբար Ատլանտեանի միւս կողմը ինչո՞ւ այսքան աղմուկ բարձրացած է: Թերեւս ծնողներ թոյլ պիտի չտան, որ իրենց զաւակները դիտեն այս յայտագիրները: Եւ վստահաբար «Սքինզ»ի յաջորդ յայտագիրները նոյնքան գայթակղեցուցիչ պիտի չըլլան: Սակայն տարակարծութիւնները միայն պիտի հրահրեն անոնց ժողովրդականութիւնը: Եւ ի վերջոյ, այս է նպատակը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ


