ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԱՆՑԱԾ ԵՆ ՍԱՀՄԱՆԸ

ԱՆՈՆՔ ԽԱՅՏԱԲՂԷՏ ՇՈՒԱՅՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՆ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՆՈՒՆՈՎ ԵՒ ԿԱՏՈՒՆԵՐ ԿԸ ՆԵՏԵՆ ԳԱՆՁԻՉՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ` ԶԱՅՐՈՅԹ ՊԱՏՃԱՌԵԼՈՎ ՌՈՒՍԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՅԼԱԽՈՀ ՆՈՐ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ԴԻՄԷ ԾԱՅՐԱՅԵՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ` ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՈՃՈՎ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼՈՎ ՏԻՐՈՂ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ԴԷՄ, ԵՒ ՈՐՈՒՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐ ՀՌՉԱԿԱԾ Է ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ:

Ամէնէն վիճելի արարքը «Պալատական յեղափոխութիւն»ն է, որուն ընթացքին արուեստագէտներ գլխիվայր դարձուցած են ոստիկանական 7 ինքնաշարժներ

Նոյեմբերի ցուրտ առաւօտ մը քաղաքացիի հանդերձանքով 10 ոստիկաններ խուժեցին Մոսկուայի մէջ Օլեկ Վորոթնիքովի եւ Լէոնիտ Նիքոլայեւի բնակարանը, երբ անոնք կը քնանային: Բոլորին անշարժ գետին պառկելու հրահանգներ արձակելով` ոստիկանները շղթայեցին երկու տղամարդիկը, կերպընկալէ տոպրակներ անցուցին անոնց գլխուն եւ զանոնք հրեցին ոստիկանական փոխադրակառքի մը մէջ: Տասը ժամ քշեցին դէպի հիւսիս, մինչ որոշ տեղեկութիւններու համաձայն, ոստիկանները, նախքան որեւէ դատական հետաքննութիւն, խոշտանգեցին եւ կոպիտ վերաբերումի ենթարկեցին երկու տղամարդիկը, որոնք մինչեւ այսօր բանտարկուած կը մնան Ս. Փեթերսպուրկի մէկ արգելարանին մէջ: Սակայն Վորոթնիքով եւ Նիքոլայեւ թմրեցուցիչի վաճառականներ չեն, ոչ ալ` վտանգաւոր մարդասպաններ, այլ արուեստագէտներ են:

 

Երկու տղամարդիկը մաս կը կազմէին Վոյնայի` արուեստի արմատական խումբի մը, որ զայրոյթ պատճառած է ռուսական իշխանութիւններուն` հետզհետէ աւելի համարձակ եւ ուշագրաւ իր արարքներով, եւ որուն անդամներուն բանտարկութիւնը Ռուսիոյ մէջ ստեղծած է այն մտավախութիւնը, թէ կը վերադառնար արուեստներու վրայ խորհրդային ժամանակներու յատուկ գրաքննութիւնը: Վերջին երեք տարիներուն խումբին ցուցադրած զետեղման արուեստի (ինսթոլէյշըն) գործերուն եւ արուեստի կատարումներուն մաս կը կազմէին Մոսկուայի մէկ հանրախանութին մէջ գաղթական աշխատաւորներու կեղծ սպանութիւն մը, հայհոյական արտայայտութիւններով լեցուն փանք-ռոք յանպատրաստից կատարում մը` դատարանի մը մէջ, ՄքՏանըլտի գանձողներուն վրայ կենդանի կատուներ նետելու արշաւ մը եւ հսկայական առնանդամի մը պատկերումը` Ս. Փեթերսպուրկի մէկ կամուրջին վրայ:

Խումբը առաջին անգամ իր վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց 2008-ի փետրուարին, նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի լաւապէս ձեւագծուած ընտրապայքարէն երկու օր առաջ: Դատի մը համար պայքարող շուրջ 12 անձեր, մէկը` յղի կին մը, մուտք գործեցին Կենսաբանութեան թանգարան եւ բեմադրեցին սեռային շուայտութեամբ լեցուն պատկեր մը:

Մինչ այդ, խումբին առաջնորդը եւ գլխաւոր գաղափարախօսը` Ալեքսէյ Փլուցիըր- Սառնօ, 48 տարեկան մօրուքաւոր մարդ մը, կը կրէր բարձր գլխարկ մը եւ կը ճօճէր պաստառ մը, որուն վրայ գրուած էր հայհոյանք մը` ուղղուած «արջուկին ժառանգորդին»: Լոզունգը բառախաղ մըն էր Մետվետեւի անունին վրայ, որ կու գայ «արջ» բառին ռուսերէն տարբերակէն: Անիկա ծիծաղի առարկայ կը դարձնէր «զաւեշտական եւ պոռնկագրական ընտրութիւնները», որովհետեւ Մետվետեւ պիտի ժառանգէր Վլատիմիր Փութինի «գահը»: Խումբը ամբաստանուեցաւ պոռնկագրութիւն տարածելու յանցանքով: Այնուհետեւ սկիզբ առաւ անոր ընդյատակեայ կեանքը: Խումբին կորիզը կազմող անդամները հրաժարեցան բջիջային հեռաձայններ գործածելէ եւ սկսան յաճախ տեղափոխուիլ` խուսափելու համար իշխանութիւններէն:

Շուտով անոնց կազմակերպած ուշագրաւ իրադարձութիւնները աւելի մեծ տարողութիւն ստացան եւ աւելի դժուարացաւ զանոնք անտեսելը: Ամէնէն տխրահռչակ երեւոյթը արձանագրուեցաւ անցեալ յունիսին, երբ խումբէն բազմաթիւ անդամներ հսկայական առնանդամ մը գծեցին Ս. Փեթերսպուրկի Լիթայնի կամուրջին վրայ: Ապահովական ուժերու դէմ կռուելով կամ անոնցմէ խուսափելով` անոնք յաջողեցան 65 մ բարձրութեամբ նկարը աւարտել կամուրջը բարձրանալէ անմիջապէս առաջ (ամէն երեկոյ կամուրջը կը բարձրանայ, որպէսզի նաւեր անցնին): Առնանդամը ուղղուած էր դէպի Ս. Փեթերսպուրկ, «Քա. Կէ. Պէ.»ի ժառանգորդ «Էֆ. Էս. Պի.»ի գրասենեակներուն կողմը: Խումբը իր այս գործը կը կոչէր «Առնանդամ` ձերբակալուած «Քա. Կէ. Պէ.»ի կողմէ:

Խումբին առաջնորդը եւ գլխաւոր գաղափարախօսը` Ալեքսէյ Փլուցիըր- Սառնօ կ՛ապրի ընդյատակեայ կեանք մը

Փլուցիըր-Սառնօ կ՛ըսէ, թէ մէկ օր առաջ հեռացած էր այն բնակարանէն, ուր ձերբակալուած էին խումբին անդամները, եւ այնուհետեւ դարձած է փախստական մը: Ան կը պատմէ, թէ Ռուսիա մուտք կը գործէ կամ երկրէն կը հեռանայ Ղազախստանի հետ ընդարձակ եւ տկար հսկողութեան տակ գտնուող սահմանէն, եւ թէ` հազուադէպօրէն յաջորդաբար երկու գիշեր կ՛անցընէ մէկ վայրի մէջ: Յստակ չէ, թէ այս բոլորը որքանո՛վ ճշմարտութիւն են, սակայն ան «Տի Ինտիփենտընթ» թերթին հետ յօժարած է խօսիլ միայն Սքայփի միջոցով եւ մերժած է բացայայտել իր գտնուած վայրը: «Դիւրին չէր մեզ գտնելը: Աւելի՛ն. մեր ռուս ոստիկանները փտած են, իրենք զիրենք նեղ կացութեան չեն մատներ` թշուառ արուեստագէտներու հետքը փնտռելու համար,- կ՛ըսէ Փլուցիըր-Սառնօ:- Անոնք կը նախընտրեն բացայայտել ոճրային գործունէութիւններ եւ հետապնդել գործատէրեր, որպէսզի կարենան դրամ կորզել անոնցմէ»:

Վոյնայի ամէնէն վիճելի արարքը խումբին կազմակերպած վերջին իրադարձութիւնն էր ձերբակալութիւններէն առաջ: Արուեստագէտները զայն կոչած էին «Պալատական յեղափոխութիւն»: Խումբին անդամները սեպտեմբերի գիշեր մը Ս. Փեթերսպուրկի Պալատի հրապարակին վրայ գլխիվայր դարձուցած էին ոստիկանական 7 ինքնաշարժներ, ոմանք` ոստիկաններով միասին: Փլուցիըր-Սառնօ կը մերժէ ընդունիլ, թէ արմատական իր վերջին արարքով խումբը ստացած էր ոճրային բնոյթ:

«Եթէ արուեստագէտները իրենց արարքը կը կոչեն արուեստի գործ մը, եթէ մասնագէտներն ու դիտողները համաձայնութիւն կը յայտնեն, ապա ի՞նչ կարելի է կոչել արարքը. արուե՞ստ, թէ՞ ոճիր: Կը պայքարինք իշխանութիւններուն դէմ, որոնք իրօք, ոճրային են», կ՛ըսէ ան: Այս նոյն իշխանութիւնները սկսած են ծանր ճնշումի ենթարկել Վոյնան: Վորոթնիքով եւ Նիքոլայեւ կ՛ամբաստանուին խուլիկանութեան յանցանքով, որուն պատիժը համազօր է մինչեւ 7 տարուան բանտարկութեան, մինչ Փլուցիըր-Սառնոյի դէմ ուղղուած է ոճրային խմբակ մը կազմակերպելու ամբաստանութիւնը, որուն համար ան կրնայ դատապարտուիլ մինչեւ 20 տարուան բանտարկութեան:

Անցեալ ամիս Ս. Փեթերսպուրկի մէջ դատախազ մը մերժեց երաշխաւորագինով ազատ արձակել Նիքոլայեւն ու Վորոթնիքովը, հակառակ որ պատերը խծբծող բրիտանացի արուեստագէտ Պանքսի 80 հազար փաունտի երաշխաւորագին մը առաջարկած էր` կարդալէ ետք խումբին կրած հալածանքներուն մասին: Երկու արուեստագէտները ի վերջոյ երաշխաւորագինով ազատ պիտի արձակուին, որովհետեւ դատական նիստ մը եզրակացուցած է, թէ ձերբակալութեան եւ իրաւական հետապնդումին միջեւ շատ երկար ժամանակ անցած է: Այսուհանդերձ,  ամբաստանութիւնները տակաւին կը մնան ի զօրու:

Ռուսական արուեստի շրջանակները միշտ չէ, որ կը զօրակցին Վոյնայի: Սակայն որոշ միասնութիւն մը ստեղծուած է անոր անդամներուն ձերբակալութենէն ետք: «Առնանդամ` ձերբակալուած Քա. Կէ. Պէ.»ի կողմէ» վերնագիրով գործը ինքնին թեկնածու է ժամանակակից արուեստի մակարդակաւոր մրցանակի մը:

«Վոյնա ժառանգած է 20-րդ դարու սկիզբի ռուս ապագայապաշտներու աւանդութիւնը: Ասիկա սոսկ արուեստ չէ, այլ` յեղափոխական արուեստ,- կ՛ըսէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Ռուսական թանգարանին արուեստի գործերու եւ ուսումնասիրութեան մէկ պատասխանատուն` Օլեսիա Թուրքինա: ««Առնանդամ` ձերբակալուած Քա. Կէ. Պէ.»ի կողմէ» գործը արուեստի հանճարեղ իրագործում մըն է, որ ցոյց կու տայ մեր պետութեան հայրիշխանական բնոյթը»: Թուրքինա կ՛ընդունի, թէ աւելի դժուար է արդարացնել ոստիկանական ինքնաշարժները գլխիվայր դարձնելու արարքը, սակայն կ՛ըսէ, թէ «անհեթեթ» են խուլիկանութեան այն ամբաստանութիւնները, որոնց հիմամբ կատարուած են ձերբակալութիւնները, ճիշդ այն ձեւով, որ կը ձերբակալուին ցեղապաշտ արարքներ հրահրող խմբաւորումներու անդամները:

Թուրքինա կ՛ողջունէ երկու արուեստագէտներուն ազատ արձակումը, սակայն կ՛ըսէ, թէ մտահոգիչ է զանոնք դատական հետապնդումի ենթարկուելու իրականութիւնը: «Փերեսթրոյքայէն ետք (բարեկարգումներ) 10-15 տարի ունեցանք արուեստի իրական ազատութիւն, սակայն այժմ սկսած են դարձեալ յայտնուիլ մտահոգիչ նշաններ», կ՛ըսէ ան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES
TAGS