ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՊԱՏԱՀԻՆ. ԻՐԱՆԷՆ ԵԳԻՊՏՈՍ` ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ
Յեղափոխութիւնները կարճատեւ եւ արիւնալի կրնան ըլլալ, կամ դանդաղ եւ խաղաղ: Իւրաքանչիւրը տարբեր է, թէեւ կան կրկնուող օրինակներ, ներառեալ` Եգիպտոսի մէջ ցուցադրուածները:
Թրոցքի ատենօք ըսած է, որ եթէ աղքատութիւնը եղած ըլլար յեղափոխութիւններու պատճառը, միշտ յեղափոխութիւններ պէտք էր ըլլային, որովհետեւ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը աղքատ էր:
Միլիոնաւոր անձերու տրտնջացող դժգոհութիւնը փողոցներու մէջ բազմութեան վերածելու համար կայծ մը միայն բաւարար է զանոնք ելեկտրականացնելու:
Վերջին 30 տարիներուն վայրագ մահը ամէնէն ընդհանրական արագացուցիչն է արմատականացնելու համար դժգոհութիւնը: Երբեմն կայծը զարհուրելի, ժանտատեսիլ է, ինչպէս` 1978 թուականին Իրանի շարժապատկերի մէկ սրահին մէջ հարիւրաւորներու հաւաքական ողջակիզումը, որուն համար մեղադրուեցաւ այդ օրերու Իրանի շահին գաղտնի ոստիկանութիւնը:
Անձնասպանական գործողութիւն կատարող խռովայոյզ ցուցարարի մը, ինչպէս Թունուզի մէջ բանջարեղէն վաճառող Մոհամետ Պուազիզի յուսահատ արարքը դեկտեմբեր 2010-ին, երկրի մը երեւակայութիւնը կը գրաւէ:
Նոյնիսկ բրտութեան տարաձայնութիւնները, ինչպէս այն պնդումները, թէ համայնավար գաղտնի ոստիկանութիւնը 1989 թուականի նոյեմբերին Փրակայի մէջ խոշտանգելով երկու ուսանող սպաննած է, կրնայ հրահրել հանրութիւնը, որ արդէն իսկ խորապէս յուսախաբ է դրութենէն:
Այն տեղեկութիւնները, թէ Միլոսեւիչ իր նախորդը` Իվան Սթամպոլիչը, պէտք էր «անհետացներ» Եուկոսլաւիոյ նախագահական ընտրութիւններէն շաբաթներ առաջ, նպաստեց բիւրեղացնելու սերպական մերժումը իր վարչակարգին:
ՉԻՆԱԿԱՆ ՏԻՊԱՐԸ
Մահը, թէեւ այս պարագային` ոչ վայրագ, նոյնպէս դերակատարութիւն մը ունեցաւ Չինաստանի մէջ 1989 ապրիլին, երբ Փեքինի մէջ ուսանողներ «առեւանգեցին» պաշտօնական հովանաւորութիւն վայելող համայնավար նախկին ղեկավար Հու Եաօպանկի սուգը` գրաւելով Թիանանմեն հրապարակը եւ բողոքելով կուսակցութեան փտածութեան եւ բռնատիրութեան դէմ:
Բայց թէեւ չինական տագնապները օրինակ եղան, թէ ինչպէ՛ս ցոյցեր պէտք էր կայացնել եւ գրաւել խորհրդանշական կեդրոնական հրապարակներ, ատիկա նաեւ ամէնէն ակներեւ ձախողութիւնն էր «ժողովուրդի ոյժ»ին:
Հակառակ այլ տարեց բռնատէրերու` Տենկ Զիաօփինկ եռանդ եւ ճարտարութիւն դրսեւորեց` հակադարձելու ցուցարարներուն: Իր վարչակարգը աւելի լաւ պայմաններ ստեղծած է միլիառաւոր շինականներու, գիւղացիներու համար: Անոնք այն զինուորներն էին, որոնք ղրկուեցան բազմութեան վրայ կրակելու:
Սուհարթոյի «վերընտրութեան» դէմ ցոյցերը, 1998 մարտին, Ինտոնեզիոյ մէջ, իրենց գագաթնակէտին հասան չորս ուսանողներու սպանութեամբ, որ հրահրեց աւելի բազմամարդ եւ աւելի վայրագ ցոյցեր, մինչեւ որ աւելի քան հազար անձեր մահացան:
Երեսուն տարի առաջ Սուհարթօ կրնար առանց պատժուելու հարիւր հազարաւորներ սպաննել: Բայց փտածութիւնն ու Ասիոյ տնտեսական տագնապները ներսէն պայթեցուցին իր վարչակարգին հանդէպ զօրակցութիւնը:
Երեսուներկու տարի իշխանութեան վրայ մնալէ ետք, անոր ընտանիքը եւ անոնց մտերիմները շատ հարստացան, մինչ բազմաթիւ նախկին կողմնակիցներ, զօրակցողներ կ՛աղքատանային: Աղքատութիւն մը, զոր անոնք կը բաժնեկցէին ժողովուրդին հետ:
ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԻՐԱՆԷՆ ԵԳԻՊՏՈՍ
– Իրան.- յունուար 1978 – ապրիլ 1979
– Թիանանմեն հրապարակ.- ապրիլ-յունիս 1989
– Արեւելեան Գերմանիա.- սեպտեմբեր-նոյեմբեր 1989
– Ռուսիա.- 19 – 21 օգոստոս 1991
– Ինտոնեզիա.- 12 – 21 մայիս 1998
– Սերպիա.- սեպտեմբեր – հոկտեմբեր 2000
– Վրաստան.- 2 – 23 նոյեմբեր 2003
– Ուքրանիա.- նոյեմբեր – դեկտեմբեր 2004
– Լիբանան.- փետրուար – ապրիլ 2005
– Իրան.- յունիս – օգոստոս 2009
– Թունուզ.- 17 դեկտեմբեր 2010 – 14 յունուար 2011
– Եգիպտոս.- 25 յունուար – 11 փետրուար 2011
Վարչակարգ մը կը տապալի, երբ ներսը եղողները ատոր դէմ կ՛ելլեն: Մինչեւ այն ատեն որ ոստիկանութիւնը, բանակը եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարները կը կարծեն, թէ իրենք յեղափոխութեամբ աւելի պիտի կորսնցնեն, քան` վարչակարգը պաշտպանելով, ապա նոյնիսկ զանգուածային ցոյցերը կարելի է զսպել եւ ճզմել: Յիշեցէք Թիանանմեն հրապարակը:
Բայց եթէ ներսինները եւ զինեալ ուժերը սկսին հարցականի տակ առնել վարչակարգի մը զօրակցելու խոհեմութիւնը (կամ եթէ գնուին), ապա վարչակարգը շուտով ներսէն կը պայթի:
Թունուզի Պեն Ալին որոշեց փախչիլ, երբ իր զօրավարները իրեն ըսին, թէ իրենք բազմութեան վրայ պիտի չկրակեն:
Ռումանիոյ մէջ 1989 դեկտեմբերին Չաուչեսքուի հաւատարիմ զօրավարները, որոնք պէտք էր ճզմէին ցուցարարները, իր գլխաւոր դատաւորները եղան Ս. Ծննդեան տօնին օրը տեղի ունեցած դատավարութեան ատեն:
Յեղափոխութիւնները օրական 24 ժամուան եղելութիւններ են, որոնք կորով եւ արագ մտածողութիւն կը պահանջեն ե՛ւ ցուցարարներէն, ե՛ւ բռնատէրերէն։
Արտաքին ճնշումը դերակատարութիւն մը կ՛ունենայ վարչակարգի փոփոխութիւնը ամբողջացնելու շարժումին մէջ:
1989-ին փողոցներուն մէջ բողոքի ցոյցեր դիմագրաւող Արեւելեան Եւրոպայի համայնավարներուն Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Կորպաչեւ մերժեց օգնել Կարմիր բանակի օգտագործումով: Այս որոշումը պատճառ եղաւ, որ տեղւոյն զօրավարները անդրադառնան, թէ ուժը ընտրանք մը չէր:
Միացեալ Նահանգներ շարունակ իրենց բռնատիրական դաշնակիցներուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի անոնք զիջում ընեն, եւ անգամ մը որ անոնք սկսին սահող այդ զառիվայրը, հրաժարին:
Վարչակարգի մը երկարակեացութիւնը եւ մասնաւորաբար իշխողին յառաջացած տարիքը կրնան պատճառ ըլլալ ճակատագրական անկարողութեան` արագօրէն արձագանգելու եղելութիւններուն:
Զգուշ ելքերը հազուադէպ են յեղափոխութիւններու մէջ։
Յեղափոխութիւնները օրական 24 ժամուան եղելութիւններ են: Անոնք կորով, ողնայար եւ արագ մտածողութիւն կը պահանջեն ե՛ւ ցուցարարներէն, ե՛ւ բռնատէրերէն: Տարեց, ոչ ճկուն, բայց վատառողջ ղեկավար մը կ՛օժանդակէ տագնապներուն:
Սկսելով քաղցկեղէն հարուածուած Իրանի շահէն, անցնելով Արեւելեան Գերմանիոյ վատառողջ Հոնեքըրէն, հասնելով մինչեւ Ինտոնեզիոյ Սուհարթոյին` տասնամեակներ իշխանութեան վրայ մնալը քաջալերած է քաղաքական կարծրուկ, պնդագարութիւն մը, որ անկարելի դարձուցած է քաղաքական հնարք բանեցնելը, խուսանաւումները:
Ինչպէս Եգիպտոս կը յիշեցնէ, յեղափոխութիւնները երիտասարդները կը գործադրեն:
Վայելուչ, շնորհալի ելք մը հազուադէպ է յեղափոխութիւններու մէջ, բայց ապահով հանգստեան կոչուելու մատուցում մը, առաջարկ մը կրնայ արագացնել եւ փոփոխութիւնը հեզասահ ընել:
2003 թուականին Վրաստանի Շեւարտնածէն ոմանց կողմէ խարանուեցաւ, անուանուեցաւ «Չաուչեսքու», բայց առանձին լքուեցաւ իր ամարանոցին մէջ, երբ հրաժարականը ներկայացուց: Սուհարթոյի զօրավարները ապահոված էին հրաժարելէ ետք մինչեւ մահ անոր խաղաղ ապրիլը, բայց տասնամեակ մը ետք Սուհարթոյի տղան` «Թոմմի» բանտարկուեցաւ:
Ժողովուրդին մէջ յաճախ ծարաւ մը կայ տապալած իշխողները պատժելու: Անոնց յաջորդները եւս կը նկատեն, որ նախկին, ծեր ղեկավարէ մը հատուցում պահանջելը օգտակար կրնայ ըլլալ ուշադրութիւնները շեղելու տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներէն, որոնք չեն չքանար վարչակարգի փոփոխութեամբ:
ԻՐԱՆԷՆ` ԵԳԻՊՏՈՍ` ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ
1979 Իրան
Օրեր.- 448 Մահ.- 3000+
Նպատակ.- Շահը տապալել:
Ժողովրդային ապստամբութիւնը սկսան ժողովրդավարականները, սակայն ղեկը ստանձնեցին իսլամականները:
Նպատակը նուաճուեցաւ:
1989 Թիանանմեն (Չինաստան)
Օրեր.- 51 Մահ.-3000
Նպատակ.- Ժողովրդավարութիւն հաստատել, ջնջել միակուսակցական իշխանութիւնը եւ փտածութեան վերջ տալ:
Նպատակը չնուաճուեցաւ:
1998 Ինտոնեզիա
Օրեր.- 10 Մահ.- 1000
Նպատակ.- Սուհարթոյի ճնշիչ վարչակարգը տապալել եւ ջնջել քաղաքական ազգականութիւնը:
Նպատակը նուաճուեցաւ:
2004 Ուքրանիա
Օրեր.- 37 Մահ.- 0
Նպատակ.- Չեղեալ հռչակել կեղծուած ընտրութիւնը, ապահովել նոր քուէարկութիւն, վերջ դնել փտածութեան եւ գրաքննութեան:
Նպատակը մասամբ նուաճուեցաւ:
2010 Թունուզ
Օրեր.- 30 Մահ.- 147
Նպատակ.- Տապալել փտած եւ ժողովրդականութիւն չվայելող վարչակարգը նախագահ Զէյն էլ Ապիտին պըն Ալիի:
Նպատակը նուաճուեցաւ:
2011 Եգիպտոս
Օրեր.- 11 Մահ.- 300
Նպատակ.- Տապալել նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը եւ կայացնել ժողովրդավարական ազատ ընտրութիւններ:
Նպատակը մասամբ նուաճուեցաւ: