ՆՈՐ ԼՈՅՍ` ՀԻՆ ՍԱՐՍԱՓԻ ՄԸ ՎՐԱՅ, ԵՒ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԿԱՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ

ՌՈՊԸՐԹ ՖԻՍՔ

Ֆիսք

14 ապրիլ 1909 թուականին բրիտանացի փոխ հիւպատոս Չարլզ Տաութի Ուայլի մեկնեցաւ Թուրքիոյ Ատանա քաղաք` Թրիփանի անունով իր թարգմանիչէն ստանալով նամակ մը, որուն մէջ կ՛ըսուէր, թէ` «այդ քաղաքին մէջ վտանգաւոր մթնոլորտ է, ազատօրէն սպառնալիքներ կ՛ուղղուին, սպանութիւններ եղած են…»:

Տաութի Ուայլի յաջորդ իսկ գնացքով Ատանա կը մեկնի` Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկած գաղտնի նամակին մէջ գրելով. «Ես շատ քիչ կը սպասէի, որ որեւէ ջարդ անխուսափելի է: Այդ իսկ պատճառով կինս հետս տարի»: Կարելի է միայն պատկերացնել լաւ, բարի կնոջ հակազդեցութիւնը, երբ` «Ատանայէն երկու կայարան առաջ դիակ մը տեսանք… Որքան կը մօտենայինք Ատանային, այնքան աւելի շատ սպաննուած անձերու դիակներ կը տեսնէինք, եւ մինչ ես կնոջս կ՛ընկերանայի Թրիփանիի տունը… երկու կամ երեք անձեր սպաննուեցան թրքական պահակագունդի ճիշդ քիթին տակ…»:

Տաութի Ուայլի

Յաջորդող չորս օրերուն Տաութի Ուայլիի նախարարութեան յղած հեռագիրներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ առաջին կարգի մանրամասն զեկուցումներու` արդի «Հայկական ողջակիզումի» սկիզբի մասին` ոչ այն ջարդերուն եւ կոտորածներուն, զանգուածային սպանութիւններուն եւ մահուան երթի մասին, որուն ընթացքին օսմանեան թուրքերը 1915 թուականին 1.5 միլիոն հայեր սպաննեցին, այլ` ատկէ վեց տարի առաջ կատարուած շատ արիւնալի «փորձառական ջարդերու», հաւաքական կոտորածի մասին, որուն զոհ գացին 30 հազար հայեր, հարաւային Թուրքիոյ մէջ:

«Ես տարազաւորուեցայ, գացի պահակագունդին մօտ եւ խստօրէն յիշեցուցի սպային սպանութիւնը կանխելու իր պարտաւորութեան մասին», կը գրէ Տաութի Ուայլի: Հաւաքելով դժկամութեամբ իրեն միացած քանի մը օսմանցի զինուորներ` փոխ հիւպատոսը «փողի հնչիւններով կը տողանցէ փողոցներէն… Մենք մաքրեցինք փողոցները` երբեմն մեր ձեռքերը սուրերուն տանելով, երբեմն օդը կրակելով»: Ա՜հ, այդ ի՜նչ օրեր էին:

Տաութի Ուայլիի նամակները, ըստ էութեան, հերոսութեան հաշուետուութիւններ են, որովհետեւ փոխ հիւպատոսը կը փրկէ բազմաթիւ բրիտանահպատակներ եւ կը պաշտպանէ քանի մը հարիւր հայ գաղթականներ (ես այս տեղեկութիւնները կը պարտիմ Միսաք Քէլէշեանին, որ ատոնք գտած է Բրիտանական ազգային արխիւներուն մէջ): Փորձելով փրկել անոնց կեանքը` փոխ հիւպատոսը թիրախ դարձաւ մզկիթէն արձակուած արձակազէնի կրակին:

Թուրքերը հայերը կը մեղադրեն կոտորածներուն համար` պնդելով, որ անոնք կը զինուէին եւ թրքական հողերուն վրայ կը փորձէին հայկական իշխանութիւն ստեղծել: Մարդասպանները սովորութիւն ունին մեղադրելու զոհերը իրենց իսկ մահուան համար (տես, օրինակ, Պոսնիոյ պատերազմի իսլամ զոհերը, պաղեստինցի քաղաքայիններու սպանութիւնը Կազայի մէջ, 2008-2009, եւ այլն), սակայն Տաութի Ուայլի թէեւ ընդունած էր, որ հայ մը երկու թուրք սպաննած է, բայց կը կասկածէր, որ բռնութիւնը «թրքական կողմէն գաղտնի պատրաստութիւն կը ներառէր»: Ատանայի մէջ 2000 սպաննուածներէն 1400-ը հայ էր:

Թրքական իշխանութիւնները ենթադրաբար կախած էին 9 թուրք` կոտորածին մասնակցելու յանցանքին համար: Արդարութեան համար` այսքա՛ն:

Ատանայի կոտորածը

Բրիտանիոյ փոխ հիւպատոսը Լոնտոն ղրկած իր հետագայ հեռագիրին մէջ կը նշէր, որ զոհերէն շատեր նետուած էին գետերու մէջ, ուստի ճշգրիտ թիւերը շատ աւելի մեծ կրնան ըլլալ, եւ ամէն պարագայի գիւղերու մէջ կորուստները կրնան գնահատուիլ առնուազն 15-25 հազարի միջեւ (թէեւ ճշգրիտ թիւը յայտնի չէ): Այս թիւին մէջ շատ քիչեր, եթէ կային, իսլամներ էին: Բազմաթիւ դէպքերու մէջ կիներ, նոյնիսկ փոքր երեխաներ, սպաննուեցան իրենց ամուսիններուն հետ:

Ճիշդ երկու շաբաթ ետք այն պահէն, երբ դիւանագէտը իր թարգմանիչէն նամակ ստացած էր, «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի Ատանայի թղթակիցը կը հաղորդէր, որ վիլայեթին մէջ մինչեւ 30 հազար հայեր սպաննուած էին:

Եւ Թուրքիա, ինչպէս 1.5 միլիոն հայերու պարագային աւելի ուշ կ՛ընէ, մինչեւ այսօր կը ժխտէ, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է: Թուրքիոյ հետ ատիկա կը ժխտեն նաեւ Բրիտանիա եւ Միացեալ Նահանգներ, պէ՞տք է արդեօք թուել մնացեալները: Ես նախապէս նշած եմ, որ 1930-ական թուականներուն Չրչիլ յիշատակած է հայերու Ողջակիզումին մասին: Հիմա արդէն ի յայտ եկած են ապացոյցներ, որ 1909 թուականի ցեղասպանութիւնը, առանց նկատի առնելու 1915 թուականի կոտորածները, ծանօթ է իբրեւ «Հոլոքոսթ», ճիշդ այդպէս` գլխագիր Հ-ով, նախքան Ա. Համաշխարհային պատերազմը: Որովհետեւ Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանը վերջերս յայտնաբերած եւ հրատարակած է Տաքեթ Ֆերիմանի վկայութիւններու գիրքը` 1909 թուականի Ատանայի կոտորածներուն մասին: Գիրքը նախ վերնագրուած է` «Երիտթուրքերը եւ Փոքր Ասիոյ մէջ Ատանայի հոլոքոսթի ճշմարտութիւնը»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը փաստօրէն ակնարկած է «Հայկական այլ հոլոքոսթի», 1895-ի արեան բաղնիքէն ետք, բայց Ֆերիման հաւաքած է զոհերուն անունները, անհատական սպանութիւններու մանրամասնութիւնները, որբերու մասին վիճակագրութիւն, լուսանկարներ` աւերակ դարձած գիւղերու, ջարդերը իրականացնող զինուորական ստորաբաժանումներու անդամներու ինքնութիւնը (ինչպէս Թուրքիոյ իշխանութիւնները 1915-ին եւ ինչպէս նացիները, 1909-ի մարդասպանները եւս «յատուկ ստորաբաժանումներ» ունէին սպանութեանց, բռնաբարումներու եւ կիներու հաւաքական խոշտանգումներու համար):

Արտակարգ զուգադիպութեամբ մը Տաքեթ Ֆերիմանի գիրքին փաստերը կը համընկնին Պէյրութի մէջ հրապարակուած Յակոբ Արսէնեանի` 1915 թուականի յիշողութիւններուն հետ: Յ. Արսէնեանի ձեռագիր օրագիրները վերջերս անգլերէնի թարգմանուեցան իր թոռնուհիին` Արտա Էքմեքճիի կողմէ: Այս աշխատանքը ուշագրաւ դարձնող հանգամանքը այն է, որ արսէնեանները բաւական բարձր միջին խաւէն էին: Դէպի հիւսիսային Սուրիա իրենց մահուան ուղիին վրայ արսէնեանները կրցան կարճ ժամանակահատուածի մը համար երկաթուղիի, գնացքի առաջին կարգով ճամբորդել: «Անոնք մեզ մեր գերեզմանները կը տեղափոխէին մեր սեփական դրամով», գրած է Յակոբ: Այլ ատեններ, երբ տակաւին կը վճարէին իրենց տոմսերուն համար, զիրենք նացիական ոճով թխմեցին լեփլեցուն բեռնատար կառքերու մէջ: Գողգոթայի ատեն Յակոբ կեցած էր հայերու դիակներու կոյտի մը քով: «Անոնցմէ մէկը խեղդուկ ձայնով գերեզմանափորին պաղատեցաւ զինք իր ոտքերէն չքաշել եւ ըսաւ. «Եղբա՛յր, ես տակաւին չեմ մահացած: Սպասէ մինչեւ առաւօտ` նախքան զիս թաղելդ»:

20-րդ դարու երկրորդ հոլոքոսթի ատեն շատ հրեաներու նման, Յակոբ կը տարակուսէր. «Արդեօք մենք այնպիսի ահռելի ժողովո՞ւրդ մըն ենք, որ Աստուած մեզ ընտրած է… այս միջոցով իր զայրոյթին եւ պատիժին ենթարկելու մեզ…»:

Այս պատմութիւններուն մէջ (1909-ի եւ 1915-ի) կան լաւ թուրքեր, սակայն բազմաթիւ յանցագործներ ալ կան:

Եւ դարձեալ, ոչ մէկ արդարութիւն` հայերուն: Թուրք պատերազմի ոճրագործներէն քիչեր կախաղանի արժանացան: Անոնցմէ ամէնէն վատերէն մէկը` Թալէաթ փաշա, սպաննուեցաւ Պերլինի մէջ, հայ վրիժառուներու «Նեմեսիս» կոչուող խմբակին կողմէ: Ոճրագործներէն շատերը, սակայն, նոյնիսկ դատարանի առջեւ չկեցան, ինչպէս, օրինակ, Տեմեանեուքը: Անոնք բոլորն ալ հիմա մահացած են: «Պատերազմը չ՛աւարտիր, քանի տակաւին ճշմարտութիւնը յայտնի չի դառնար», չորս տարի առաջ յայտարարեց լիբանանեան մարդասիրական կազմակերպութիւն մը:

Միայն ատոր համար պէտք է պայքարիլ: Ճանաչումը, որ այս յանցագործութիւնները տեղի ունեցած են:

Արդարութիւնը տարօրինակ բան է:

«Տի Ինտիփենտընթ»

Share this Article
CATEGORIES