ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵԼԷ ԵՏՔ «ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՂ ՄԻԱԿ ԱԶԴԱԿԸ ԹԵՀՐԱՆՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքէն Անգարա վերադարձի ճամբուն վրայ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն առջեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանալին Իրանի ձեռքը կը գտնուի` ընդգծելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը երկարաձգող միակ ազդակը Թեհրանն է:

Էրտողան յայտնեց, որ Դամասկոսի դէմ Անգարայի նախաձեռնած պատժամիջոցները Թուրքիոյ ճամբով Սուրիոյ սպառազինութեան մատակարարման արգիլումով կը սահմանափակուին:

Ան համոզում յայտնեց, որ Սուրիա Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութեանց աշխուժացման ետին չի կանգնիր, եւ աւելցուց. «Եթէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութենէն անդամներ Սուրիա ապաստանին եւ սկսին իրենց ահաբեկչական յարձակումները այդտեղէն շղթայազերծել, ապա այդ զարգացումը Դամասկոսի համար մտահոգութեան աղբիւր պիտի ըլլայ»:

Միւս կողմէ, թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը բացայայտեց, որ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին Թեհրանը զգուշացուցած է Դամասկոսին զօրակցիլ շարունակելէ` յայտնելով, որ այդ զօրակցութեան շարունակումը շրջանին մէջ սիւննի-ալեւի վիհը պիտի խորացնէ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES