ԸՍՏ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ԱԼԻ ԽԱՄԵՆԷԻԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ԹՈՒՐՔ – ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ Է
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի զինուորական խորհրդական զօր. Եահիա Ռահիմ Սաֆեւի յայտարարած է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց մէջ նկատուող լարուածութիւնը պարզապէս քաղաքական ներկայացում մըն է:
«Այս ամէնը քաղաքական ներկայացում է: Թուրքիա վայրագոյրին ետին կը շարունակէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները», ըսած է Սաֆեւի:
CATEGORIES Միջազգային