ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ուահապ շեշտեց, որ իրենք պիտի զօրակցին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին:
ԸՍՏ քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մօտիկ ապագային Լիբանան պիտի չվերադառնայ` ապահովական պատճառներով:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանին կացութիւնը դարձած է անհանդուրժելի աւելցնելով, որ այդ համալսարանը կարիքը ունի ուսման մակարդակի բարձրացման:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ ինք պոյքոթի ենթարկած է Պքերքէի հանդիպումը, որովհետեւ զայն նկատած է անօգուտ հանդիպում մը:
ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն խորհուրդ տուած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին չէզոք չմնալու, երբ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու օրակարգը քննարկուի:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Տար» օրաթերթին համաձայն, անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի ճակատագիրը մօտիկ ապագային պիտի բացայայտուի:
ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ շարժումի ներկայացուցիչներէն շէյխ Պիլալ Տըքմաք յայտնեց, որ Սուրիոյ միւֆթիին Լիբանան այցելութիւնը պատուական պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ իրենք շքախումբեր պիտի կազմակերպեն զայն հաւկիթներու տարափին տակ դիմաւորելու: Տըքմաք զգուշացուց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին Սուրիոյ միւֆթին ընդունելէ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ միւֆթի Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն վաղը պիտի ժամանէ Լիբանան` գլխաւորելով իսլամ-քրիստոնեայ պատուիրակութիւն մը: Ան պիտի ուղղուի Պքերքէ` շնորհաւորելու համար մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, անոր պատրիարք ընտրուելուն առիթով:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման որոշումը կառավարութեան կողմէ կը տրուի:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանցի նախարարէ մը, կը հաստատէ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքները` Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առնչութեամբ, կը դրսեւորեն անոնց անձնական տեսակէտները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Եագուպ յայտնեց, որ Սըրթի տապալումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ բացայայտել անհետացած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ճակատագիրը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Սելիմ Քարամ շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ լիբանանեան զանազան շրջաններուն տրուած այցելութիւնները արտաքին խնդրանքով կը կատարուին` նպատակ ունենալով միասնականացնել լիբանանցիներուն շարքերը: Քարամ նկատել տուաւ նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին կեցուածքները հակազդեցութիւն են Ֆրանսայի մէջ անոր լսած առաջարկներուն:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք յառաջիկայ 2 նոյեմբերին պիտի այցելէ Լիբանան:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը պիտի շարունակեն հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց առաքելութիւնը` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը կը մնայ անխախտ:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան նուազագոյն աշխատավարձը մէկ միլիոն 250 հազար լ. ոսկիի բարձրացնելու պահանջին:
ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են քննարկելու նուազագոյն աշխատավարձին վրայ յաւելումներ ճշդելու հեռանկարները, պայմանաւ որ այդ յաւելումները կատարուին տրամաբանական կերպով եւ տնտեսական իրողութեանց լոյսին տակ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հարաւային Լիբանան կատարած այցելութիւնը պատասխան մըն է` Ֆրանսայի մէջ Ռայի պատրիարքին կատարած յայտարարութիւններուն նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ճշդած կեցուածքին:
ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Պքերքէ քաղաքական բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` աւելցնելով, որ Պքերքէ կը կատարէ իր պարտականութիւնները` հոգալով քրիստոնեայ համայնքին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատու Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքին գոյութիւնը կ՛արգիլէ լիբանանեան պետութեան հիմնադրութիւնը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց Հասպայայի, Արքուպի եւ Ռաշայա Ուատիի վերեւ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի «Ռիատ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները չեն փոխուիր այս կամ այն անձնաւորութեան կողմէ իշխանութեան ստանձնումով:

