ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՄԱՆՍՈՒՐ – ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին` Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ քարիւղի հանքերու պեղման հեռանկարները:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը Մանսուրին բացատրեց Կիպրոսի կողմէ քարիւղի հանքերու պեղման դէմ թրքական մերժողական կեցուածքը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է գտնել այնպիսի լուծումներ, որոնք կը յարմարին բոլոր կողմերուն:
Մանսուր եւ Տաւութօղլու քննարկեցին նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը` ընդգծելով Սուրիոյ ապահովական կայունութեան անհրաժեշտութիւնը:
Այս ծիրին մէջ Մանսուր կոչ ուղղեց առիթ տալու Սուրիոյ իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք բարեկարգումներ կատարեն:
CATEGORIES Լիբանանեան