ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԼԵՖՈՐԻ ԵՒ ՊԸՐՆԶԻ ՀԵՏ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 23 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ քանի մը կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ:
Նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորի հետ:
Զրուցակիցները անդրադարձան սեպտեմբերի աւարտին Վարշաւայի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Շրջանային տագնապներու քննարկման ծիրին մէջ նախարար Նալբանդեան ողջունեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը աւելի աջակցելու արցախեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերուն:
Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ուիլիըմ Պըրնզի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան զարգացման առնչուող տարբեր հարցեր:
Նախարար Նալբանդեան եւ փոխնախարար Պըրնզ միտքեր փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի շրջանային խնդիրներուն շուրջ, անդրադարձան արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին: Այդ ծիրին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու դրական ներգրաւումն ու գործունէութիւնը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ:

