ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Էլմար Մամետեարով

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարեց, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (նախկին Իսլամական համագումար կազմակերպութիւնը) անդամ երկիրներու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական հողերու բռնագրաւման առնչութեամբ կազմակերպութեան ընդունած բազմաթիւ որոշումները եւ բանաձեւերը կարեւոր դեր կը խաղան Ազրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներուն հարցով միջազգային հանրութեան, յատկապէս` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի դիրքորոշման ձեւաւորման մէջ:

Ազրպէյճանական գործակալութիւնները` վկայակոչելով երկրին արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, կը տեղեկացնեն, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանին շրջագիծին մէջ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին Մամետեարով նաեւ յայտնեց, որ Ազրպէյճան հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի ձգձգուող տագնապի խաղաղ ճամբով լուծման` համաձայն միջազգային սկզբունքներու եւ չափանիշներու, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան, ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած համապատասխան որոշումներուն եւ բանաձեւերուն հիման վրայ:

Share this Article
CATEGORIES