ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԳԵՐԻ ՄԸ ԵՐՐՈՐԴ ԵՐԿԻՐ ՓՈԽԱՆՑԱԾ Է
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի եւ Հայաստանի մէջ Արտագաղթի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն միջոցով երրորդ երկիր փոխանցուած է ազրպէյճանցի ռազմագերի Ռոման Հիւսէյնով Նովրուզօղլին: Վարչութիւնը նշեց, որ Հիւսէյնով մերժած է Ազրպէյճան վերադառնալ եւ նախընտրած է ապաստան գտնել երրորդ երկրի մը մէջ:
CATEGORIES Հայկական

