Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ԵՆ

Panarmenian.net լրատու կայքէջը կը յայտնէ, որ ի պատիւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին, Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած է թենիսի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են աւելի քան տասը երկիրներու դեսպաններ, դիւանագէտներ եւ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքին մէջ, Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Վլատիմիր Կարմիրշալեան, մասնակցողներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ բացի անոնց մաղթած է նաեւ յաջողութիւն:

Մրցաշարքին երկու տիտղոսներէն մէկուն տիրացաւ Ճոն Հաուըրտ Ռիչըրտսըն (Աւստրալիոյ դեսպան) – Փաւել Սիփքա (Սլովաքիոյ դեսպան) զոյգը, իսկ երկրորդին տիրացան Հայաստանը ներկայացնող արժանթինահայ հայր եւ որդի Խուան եւ Սիմոն Ջռնազեանները:

Share this Article
CATEGORIES