ՀԱՅ ԿԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԸ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի կին իրաւարար Քնարիկ Գրիգորեան պիտի ըլլայ այսօր` չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք աղջկանց «Չեմփիընզ լիկ»ի մրցաշարքին Օլիմփիա Քլիւժ (Ռումանիա) – Լիոն (Ֆրանսա) մրցումին գլխաւոր իրաւարարը: Անոր օգնականները պիտի ըլլան Արաքսիա Սարիբեկեան եւ Յասմիկ Ղարիպեան:

Իսկ Ռուզաննա Պետրոսեան եւ Յասմիկ Ղարիպեան պիտի ըլլան Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան 8-րդ խմբակի զտումի մրցաշարքին իրաւարարները: Այս խմբակին մրցումները տեղի պիտի ունենան 29 սեպտեմբերէն 6 հոկտեմբեր` Չեխիոյ մէջ: Հիւրընկալ երկրէն բացի, այս խմբակին մաս կը կազմեն Պելճիքա, Պիելոռուսիա եւ Էսթոնիա:

Share this Article
CATEGORIES