ԱՄԵՆԱՅՆ ՊԱՐԶ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՄԲ
Ձեւակերպութիւնը` մէկ կողմ. ազգայնամոլութիւնը` մէկ կողմ:
Տրամաբանութեան դիմաց` դռները բանանք: Հետեւելով իրեն` եկէ՛ք, հայատառ գրենք մեր հայերէնը համացանցի վրայ, յատկապէս` մեր առօրեայ ժամադրավայր դարձած Facebook-ի եւ MSN-ի:
Ահաւասիկ` տրամաբանենք պարզօրէն.
Կը կարծեմ, թէ բոլորս ալ մեր մէջ տեղ մը փափաքը ունինք աշխարհը լաւ, գեղեցիկ, հետաքրքրական տեսնելու:
Այլազանութիւնը չէ՞ աշխարհի գեղեցկութեան պայմաններէն մէկը:
Մշակոյթ…
Այլազան մշակոյթներ…
Գեղեցիկի աղբիւր են պարզապէս:
Երեւակայեցէ՛ք ձեր կեանքը առանց այդ այլազանութեան: Նո՛յն բարքերը, նո՛յն սովորոյթները, նո՛յն ֆոլքլորը, նո՛յն լեզուն` ամէն տեղ… Ճամբորդութեա՛ն համէն պիտի պակսէր նոյնիսկ:
Այսօր համաշխարհայնացման պատճառով մշակութային այլազանութիւնը վտանգի տակ է:
Մեր մշակոյթը` իր կարգին. մեր լեզուն` յատկապէս:
Երբ ամէն օր լատինատառ կը գրենք եւ կը կարդանք, երբ գրեթէ հայերէն չենք կարդար, երկար վազքի վրայ (ոչ այդքա՜ն երկար)` հայերէնը խո՛րթ պիտի թուի նոյնիսկ:
Ուրեմն եկէ՛ք տրամաբանենք, հեռատես ըլլանք`
պահենք մեր լեզուն:
գրենք հայատառ`
Գեղեցիկին սիրոյն…
ՄԻ ՈՄՆ

